Search
Close this search box.

Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան Երեւան կը գտնուի

Այս օրերուն Երեւան կը գտնուի Նոպէլեան մրցանակակիր, գիտնական Արտեմ Փաթափութեան՝ Յունիս 13-էն 17 տեղի ունենալիք Գիտութեան եւ գործարարութեան համաժողովին մասնակցելու նպատակով։ Ժողովին հրաւիրուած են սփիւռքահայ մասնագէտներ, ինչպէս՝ «Սինոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեան, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան, Նիւ Եորքի համալսարանի փրոֆ. Գէորգի Տէրլուկեան, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի փրոֆ. դոկտ. Արմէն Խերլոփեան եւ ուրիշներ։

Ժողովին նպատակն է ընդգծել գիտութեան եւ գործարարութեան կապը, թէ ինչպէս կարելի է գիտական նուաճումները արդիւնաւէտ օգտագործել գործարարութեան մէջ եւ գիտութիւնը գրաւիչ դարձնել երիտասարդութեան համար։