Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան Արցախ ուխտանգնացութեան ընթացքին Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հետ այցելած է Յակոբավանք, ուր հանդիպում ունեցած է վանքի վանահայր Տէր Յովհաննէսին հետ։
Եօթներորդ դարուն կառուցուած, կաթողիկոսներու նստավայր հանդիսացած Յակոբավանքը այսօր աւերուած վիճակի մէջ է, ինչպէս մեր շատ ու շատ վանքերը։
Առաջնորդ սրբազանները նշած են, որ մեր տաճարներու վիճակը ուղղակի ցոլացումն է մեր կեանքին՝ աւերուած ու լքուա՞ծ, թէ՞ շէն ու ծաղկող։
Յակոբավանքի վերականգնումը եւ շրջակայ ենթակառոյցներու ստեղծումը կրնայ դառնալ Արցախի նոր կեանքի խորհրդանիշն ու սնուցող աղբիւրը։
“Մեր դաշտային Արցախը, Նախիջեւանը նայենք՝ ոչինչ չի մնացել, ամբողջն աւերել են: Այսօր պէտք է մեր ազգն ինքն իր հետ «պայմանագիր» կնքի այն մասին, որ այլեւս տալու բան չունենք թշնամուն: Եթէ ամէն մարդ իր մէջ նման յստակ որոշում կայացնի, դա կը դառնայ ազգային դաշինք”,– յայտնած է Վրթանէս սրբազան։
“Մեր սիրտը յաղթանակի հետ է, եւ թող վերստին մեր առջեւ յառնի Յակոբավանքի վերականգնումով”,– նշած է Բագրատ սրբազան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։