Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Յունիս 18-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստան:
Նոյն օրը, Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի հանդիպում ունեցած են Դիլիջանի մէջ:
Երկու երկիրներու վարչապետերը նշած են, որ բարձրաստիճան յաճախական շփումները կը վկայեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման եւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին մասին:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու հեռանկարները: Մտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային իրավիճակին եւ զարգացումներուն շուրջ:
Կողմերը վերահաստատած են բարեկամական կապերը հետեւողականօրէն խորացնելու պատրաստակամութիւնը եւ համաձայնած՝ շարունակելու գործուն երկխօսութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։