Search
Close this search box.

Փաշինեան ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ քննարկած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման, ՀՀ-ի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման առնչուող հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 18-ին ընդունած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու տեղակալ Քարեն Տոնֆրիտը:

ՀՀ վարչապետը ընդգծած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու ընդլայնման կարեւորութիւնը եւ նշած, որ տիկին Տոնֆրիտի այցը նոր կարելիութիւն կ՚ընձեռէ քննարկելու երկկողմ օրակարգային հարցերը: Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ու օժանդակութիւնը ՀՀ կառավարութեան՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու գծով, աւելցնելով որ՝ ժողովրդավարութեան զարգացումը գործադիրի կարեւորագոյն առաջնահերութիւններէն մէկն է:

Իր կարգին Քարեն Տոնֆրիտ ըսած է, թէ ԱՄՆ-ու վարչակազմը եւս կարեւոր կը համարէ Հայաստանի հետ տարբեր ուղղութիւններով գործակցութեան ընդլայնումն ու ամրապնդումը, ուստի ՀՀ ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացման ուղղուած աջակցութիւնը կը կրէ շարունակական բնոյթ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման, Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային  անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան:

ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը առանձնապէս վեր առած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը եւ ընդգծած՝ տարածաշրջանային կայունութիւնը խաթարող գրգռիչ յայտարարութիւններուն ու գործողութիւններուն միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է ԱՄՆ-ու առանցքային դերը որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն եւ ընդգծած՝ Արցախեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման գործընթացը Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ վարելու կարեւորութիւնը:

Քարէն Տոնֆրիտ տեսակցած է նաեւ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հանդիպումին՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը ամերիկացի փոխնախարարին ներկայացուցած է 2020-ին Արցախի դէմ Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրները, յատկապէս՝ Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու անյապաղ ազատ արձակման, պատերազմի հետեւանքով ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներու հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հարցերը։

ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ամերիկացի իր հիւրին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին զարգացումները. արծարծուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան առնչուող հարցեր: