Search
Close this search box.

ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Բեդլբօ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի տօնակատարութիւն

Յունիս 17-ին, Ուրմիոյ շրջանի Բեդլբօ գիւղը ժամանած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, նախագահելու՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի տօնակատարութեան: Լուրը հաղորդած է  Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը:

Սակաւաթիւ հայ բնակիչ ունեցող Բեդլբօ գիւղը, նախապէս գրեթէ հայաբնակ եղած է:

Աղուհացի օրհնութենէն ետք, Պատգամաւորական եւ Թեմական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ուխտաւորներու ուղեցկութեամբ, Սրբազան Հայրը մուտք գործած է եկեղեցի, եւ Կանոնական աղօթքէն յետոյ յետոյ սկսած է Առաւօտեան ժամերգութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզի ընթացքին անդրադառնալով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման համար հաւատքով աշխատած հոգեւոր եւ աշխարհիկ անձերու գործունէութեան, յայտնած է.– “Ճիշդ 200 տարիներ առաջ, ձեր նախնիները իրենց քրիստոնէական հաւատքէն մղուած հիմնադրած են հողաշէն այս եկեղեցին, զոր այսօր դուք վերանորոգած էք, սակայն տակաւին կը մնայ անոնց կողմէ քանդակուած քարը, որ ամրացուած է դռան ճակատին, ուր հայերէն թուանշաններով կը կարդանք ՌՄՀԱ տառերը, որ մեր թուարկութեամբ կ՚ըլլայ 1822 թ.”: Սրբազան Հայրը այս առիթով բարձր գնահատած է իրենց պապենական տուներուն վերանորոգութեան հետ, գիւղի Հայոց եկեղեցին եւս վերանորոգելու բեդլբոցիներու նախանձախնդրութիւնը:

Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցած է Հոգեհանգստեան արարողութիւն, Բեդլբոցի բոլոր հանգուցեալներու հոգւոց խաղաղութեան համար:

Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան օրհնած է «Մուրթուխա»-ի պատրաստութիւնը, ինք եւս խառնելով եփի պահուն, ուխտի համար պատրաստուող աւանդական ուտեստը: Գիւղին տարեցները կը պատմեն, թէ շուրջ 70 տարի առաջ գիւղացիներու կովերուն մէջ հիւանդութիւն տարածուած է: Երբ իրենց աղօթքներով առողջացած են կենդանիները, գիւղացիները որոշած են իրենց կարագէն բաժին հանել չքաւորներուն: Ուստի, կարագին աւելցնելով ալիւր եւ քիչ մը աղ, կաթսայի մէջ կ՚եփեն, անընդհատ խառնելով, եւ վերջը կը բաժնեն աղքատներուն: «Մուրթուխա»-ի աւանդութիւնը 70 տարիէ ի վեր կը պահպանուի գիւղին մէջ:

Գիւղը շրջագայելու միջոցին, Սրբազան Հայրը ծանօթացած է նաեւ գիւղին պաշտպանական պարիսպի հնագոյն մնացորդին, որուն վրայ տակաւին կ՚երեւան հրացաններով կրակ բանալու փոքր պատուհանները:

Պատմական օր մը եւս ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ, հաւատացեալ ժողովուրդը հրաժեշտ տուած է գիւղին։