Մինչ ընդդիմութիւնը դադրեցուցած է խորհրդարանական իր աշխատանքը եւ գործադիր իշխանութեան քաղաքական ուղին հարցաքննելու իր սահմանադրական իրաւունքէն ինքզինք զրկած, ու երկրէն ներս երկիշխանութիւն ստեղծելու աշխատանքին լծուած է, փոխարէնը՝ երկրի նախագահը՝ Վահագն Խաչատուրեան, հակառակ իրեն վերապահուած առաւելաբար արարողակարգային հանգամանքին, կարեւոր մեկնաբանութիւն մը կատարեց Արցախի կարգավիճակին մասին՝ կառավարութեան յստակ դիրքորոշում չյայտնելու ռազմավարութեան դրդապատճառին վերաբերեալ։ Կէտ մը, որ ընդդիմութեան գլխաւոր պահանջը կը հանդիսանար, մա՛նաւանդ յստակ մերժումը՝ Արցախի որեւէ ձեւով Ազերպայճանի մաս կազմելու դրութեան։
Նախագահ Խաչատուրեանի համաձայն՝ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքական անորոշ դիրքորոշումը այս կէտին վրայ, անոր կ՚ընձեռէ ճկուն քաղաքականութիւն վարելու միջոց, յետպատերազմեան ճգնաժամային այս դժուար իրավիճակին մէջ. Ազերպայճանի ու Թուրքիոյ ռազմական գերակայութեան, տնտեսական միջոցներու առաւելութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ եւս անոնց աշխարհաքաղաքական դիրքի առաւելութեան պայմաններուն, Հայաստանին անհրաժեշտ են միջազգային յարաբերութիւններու մէջ խուսանաւելու միջոցներ, նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար պատմականօրէն աննպաստ ներկայ վիճակէն։ Կարեւոր ընդգծում մը. դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ առհասարակ միայն մեծ դերակատարներուն տրուած է նման դիրքորոշումներ ունենալու միջոցները։
Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի շուրջ, միջազգային դերակատարներու վտանգաւոր կարգադրութիւններ ի յայտ եկան։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով, Պաքու իր այցելութեան ընթացքին բոլորովին ժխտեց ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի՝ եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալին յայտարարութիւնը թէ՝ ԱՄՆ ու Ֆրանսա պատրաստ են Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս վերստին գործակցելու ռուս բանագնացին հետ։ Ս. Լաւրով, Ալիեւի նեցուկ կանգնելով՝ յայտարարեց, թէ Մինսքի խումբի աշխատանքները դադրած են։ Սակայն, այս շաբաթ ամերիկացի նոյն տեղակալը հակազդելով Լաւրովին՝ յայտնեց, թէ Ռուսաստան չէ ընդառաջած Մինսքի խումբի հանդիպումի իրենց հրաւէրին։
Վարչապետ Փաշինեան եւս Յունիս 27-ին տուած իր մամլոյ առցանց ասուլիսին զարմանք յայտնեց Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մասին, պնդելով որ Ապրիլ 22-ին, Ռուսաստան իր տուած այցելութեան ընթացքին նախագահ Փութինի հետ ստորագրած յայտարարութեան 24-րդ կէտին մէջ ըսուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ պէտք է համագործակցինք, պէտք է օգտագործենք Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներուժը՝ անոր միջազգային լիազօրութեան համապատասխան»։
Այս բարդ իրավիճակին մէջ Ազերպայճան եւ Թուրքիա դեռ կը պնդեն Սիւնիքէն անցնող միջանցքի բացումին վրայ։ Վերջերս, անոնց միացաւ Ղասախստանը, որուն Արտաքին գործոց նախարարը եւս ձայնակցելով Չաւուշօղլուին եւ Պայրամովին՝ պնդեց Հայաստանի կողմէ միջանցք բանալու անհրաժեշտութեան վրայ, որ թրքախօս արեւելեան երկիրները պիտի միացնէ Թուրքիոյ, Նախիջեւանի միջոցով։
Այս իրավիճակին մէջ, որքա՞ն է Հայաստանի կառավարութեան խուսանաւելու, նախագահ Խաչատուրեանի բառապաշարով՝ «մանեւրելու» կարողութիւնը, նոյնիսկ եթէ ԱՄՆ-ու կառավարութիւնը այս կէտին վրայ կը կազմէ բացառութիւն, եւ հակառակ Ուքրաինայի պատերազմին բերումով Ռուսաստանի հետ բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները խզած ու անոր դէմ ծանրագոյն պատիժներ պարտադրած ըլլալուն, կը յօժարի Արցախի պարագային՝ Մինսքի համանախագահութեան ծիրէն ներս երկխօսելու այդ երկրին հետ։
Այս բոլորին ամփոփումը սակայն, ներկայ դրութեամբ, Հայաստանին համար ոչ մէկ դրական հեռանկար կը պարզէ։ Թէեւ Ռուսաստան, ԱՄՆ, Եւրոպական Միութիւն կամ Ֆրանսա, բոլորն ալ կը խօսին հաշտութեան, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, հաղորդակցութեան միջոցները ապաշրջափակելու մասին, սակայն բոլորին նպատակը մէկ ու միակ է՝ այս տարածաշրջանը իրենց ազդեցութեան ենթարկել։ Ի դէպ, մեծ դերակատարներուն համար՝ տկարներուն զոհ երթալը բնական երեւոյթ է, անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը չէ։ Հայաստանին կը մնայ այս պղտոր ջուրերուն մէջ խուսանաւելու իր մարտավարութիւնը գործարկել, պահպանելու համար Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը եւ ամբողջականութիւնը։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։