Յունիս 29-ին, Աշխապատի մէջ տեղի ունեցած Կասպեան 6-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ ելոյթ ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ յայտարարած, թէ Ազերպայճան սկսած է լայնածաւալ աշխատանքներ կատարելու Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի վերականգնման ուղղութեամբ, այդ կարգին՝ միջազգային երթեւեկութեան կապերու զարգացման նպատակով։ Ան պնդած է, թէ՝ «Զանգեզուրի միջանցքը այլեւս իրականութիւն է»:
«Իզվեսթիա»՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն գրած է, թէ Հայաստան եւ Ազերպայճան, Ռուսաստանի աջակցութեամբ, համաձայնած են այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի մայրուղիին շուրջ։
Ըստ կայքին՝ մայրուղին պիտի անցնի Արաքս գետի երկայնքով։
«Ազերպայճան եւ Հայաստան՝ արդէն անցեալ տարուան աշնան համաձայնած էին երկաթուղիին շուրջ։ Երեւանի մէջ մայրուղիի հարցով երկար ժամանակ լուռ էր։ Սակայն փոխվարչապետերը Յունիս 3-ի հանդիպումին յաջողեցան համաձայնեցնել ապագայ մայրուղիի երթուղին՝ բացառութեամբ 6 քմ. հատուածին: Այնտեղ լեռներ կան, եւ ռուս փորձագէտները տեղւոյն վրայ կը փորձեն ճարտարապետական լուծում առաջարկել»,– նշած է աղբիւրը:
Պիտի օգտագործուին հին խորհրդային ճանապարհները, որոնք մեծ մասամբ պահպանուած են։ Ճամբայ չկայ միայն Նախիջեւանի եւ Հայաստանի սահմանի 6 քմ. հատուածին մէջ, որու շուրջ քննարկումները կը շարունակուին։
Կայքը հաղորդած է, որ հայկական կողմը արագացուց կառուղիին շուրջ բանակցային գործընթացը, երբ ընթացիկ տարուան Մարտ ամսուն Պաքու Թեհրանի հետ Իրանի տարածքով դէպի Նախիջեւան ճանապարհ կառուցելու յուշագիր ստորագրեց։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։