Search
Close this search box.

ՉԵԽԻԱ – Արարատ Միրզոյեան.– «Ազերպայճան կը շարունակէ պատանդ պահել հայ ռազմագերիները»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 26-ին Փրակայի մէջ հանդիպում ունեցած է Չեխիոյ իր պաշտօնակից Եան Լիփավսքիի հետ։ Նշենք, որ Չեխիա այս շրջանին կը վարէ Եւրոպական Միութեան շրջանային նախագահութիւնը։ Միրզոյեան իր խօսակցին ներկայացուցած է 2020-ին Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք իր ելոյթի ընթացքին հայ նախարարը շեշտած է, որ Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն շուրջ երկու տարի ետք տակաւին մարդասիրական խնդիրները կը մնան անլոյծ։

Նախարարը, մասնաւորապէս, արծարծած է հայ ռազմագերիներու հարցը:

“Ազերպայճան կը շարունակէ պատանդ պահել հայ ռազմագերիներ եւ պարզ քաղաքացիներ՝ զանոնք օգտագործելով որպէս քաղաքական գործիք։ Խիստ մտահոգիչ է նաեւ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մէջ հայկական մշակութային և կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման քաղաքականութիւնը։ Այս առումով միջազգային հանրութենէն կ՚ակնկալենք հասցէագրուած արձագանգ և գործնական քայլեր”,– ընդգծած է Միրզոյեան:

Ան նաև յայտարարած է, որ ուժի կիրարկման եւ մարդկային իրաւանց զանգուածային խախտումներու հետեւանքով ստեղծուած իրողութիւնները չեն կրնար կայուն հիմք ստեղծել տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար:

“Հայաստան բազմիցս յայտարարած է նախապայմանէ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ զերծ շինիչ երկխօսութեան իր պատրաստակամութեան մասին՝ յանուն մեր տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման”,– ըսած է ՀՀ նախարարը

Ծաղկեպսակ՝ հայ-չեխական բարեկամութեան նուիրուած խաչքարին

Նոյն օրը, նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Չեխիոյ խորհրդարանի Չեխիա֊Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Մարեք Պենտայի ուղեկցութեամբ, ծաղկեպսակ զետեղած է Փրակայի հայ-չեխական բարեկամութեան նուիրուած խաչքարին առջեւ։