Search
Close this search box.

Դաւիթ Բաբայեան.– «Ալիեւը չի էլ թաքցնում, որ ցեղասպան քաղաքականութիւն է վարել, սակայն միջազգային հանրութիւնը լուռ է»

 

Օգոստոս 13-ին, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, անդրադառնալով Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն նշած է, որ՝ եթէ յանկարծ Արցախը յայտնուի Ազերպայճանի կազմին մէջ մենք ո՛չ մէկ բան չենք ունենայ եւ կը վերանանք։ 

“Հետեւաբար բոլորս պէտք է շատ լաւ հասկնանք եւ չխաբուենք  ու չմտածենք, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է այդ տարբերակով։ Անկողմնակալ վերաբերմունքի դէպքում Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նման յայտարարութեան համար միջազգային կառոյցների կողմից պէտք է քրէական պատասխանատւութեան ենթարկուէր, քանի որ նա չի էլ թաքցնում, որ ցեղասպան քաղաքականութիւն է վարել: Սակայն մենք տեսնում ենք, որ միջազգային հանրութիւնը պապանձուած է, լուռ է, մենք տեսնում ենք` այն կազմակերպութիւնները, որոնք պէտք է ահազանգեն, նոյնպէս պապանձուած եւ լուռ են: Այն, որ Արցախի հարցը Ադրբեջանի ներքին խնդիրը չէ, դա շատ ակնյայտ ու պարզ է, եւ դրա մասին փաստում են միջազգային բոլոր փաստաթղթերը, այդ թւում նաեւ այդ չարաբաստիկ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը: Բնական է, որ այսպիսի յայտարարութիւններով Ալիեւը փորձում է տապալել կարգաւորման միջազգային գործընթացը, բայց չեմ կարծում, որ դա իրեն կը յաջողուի”,– ըսած է Բաբայեան:

Նշենք, թէ Ալիեւի այս յայտարարութիւններուն արձագանգած է միայն Ստեփանակերտը, իսկ Երեւանը տակաւին լուռ է:

Յիշեցնենք, որ նախօրդ օր, Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած էր, թէ Ղարաբաղ ապրող Հայերը պիտի չունենան ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ ալ յատուկ արտօնութիւններ. անոնք պիտի ըլլան Ազերպայճանի սովորական քաղաքացիներ: