Search
Close this search box.

Հոգեհանգստեան կարգ՝ «Սուրմալու»-ի կեդրոնի պայթումին զոհ գացած ննջեցեալներուն համար

 

Օգոստոս 18-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի` Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս․ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ՝ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Եկեղեցականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդն աղօթած են զոհուածներու հոգիներու հանգստութեան, ինչպէս նաեւ պայթումէն տուժածներու շուտափոյթ ապաքինման համար: