Հաղորդագրութիւն
Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 2022 Օգոստոս 19-ին, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:
Նիստին մասնակցեցան` Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, Լրասփիւռներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ եւ «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէնը, «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրները եւ տեսակապով` Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը:
Օրակարգին մէջ ներառուած էին.-
– Տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստերու զեկուցում:
– Համակարգող խորհուրդի կազմի հանգրուանային համալրում:
– Յառաջիկայ Համահայկական համաժողովի թուականի ճշդում:
– Լրագրողներու համախմբումի գրանցման իրաւական հարցեր:
– Երիտասարդ լրագրական մարդուժի պատրաստութեան ծրագրերու նախագիծերու ներկայացում:
Ժողովը որոշեց յառաջիկայ համաժողովը կազմակերպել 2023-ի գարնան:
Համաժողովին հետ կապուած այլ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ 2022 Նոյեմբերին:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։