Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) մերժած է Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու վերաբերեալ Ազերպայճանի դիմումը՝ առարկելով, որ առկայ չէ նոր միջանկեալ միջոց կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Օգոստոս 18-ին Ազերպայճան դիմում կատարած էր Ատեանին, խնդրելով որ՝ Հայաստանը ստիպէ «անմիջապէս եւ անվերապահօրէն դադրեցնելու Բերձոր քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու գոյքի ոչնչացումը, ներառեալ բնակարաններու հրկիզումը, եւ տեղեկութիւն տրամադրելու կատարուած աշխատանքներուն մասին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։