Օգոստոս 31-ին, Պրիւսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի նոր հանդիպումը:
Լուրը հաղորդած է վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան: Ան նշած է, թէ հանդիպումին կը քննարկուին այն հարցերը, որոնք ցարդ քննարկման առարկայ եղած են։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։