Search
Close this search box.

Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Միքայէլ Արզումանեան ձերբակալուած է՝ Հայաստանի քննիչներու յանձնարարութեամբ

 

Անոր նկատմամբ մեղադրանք յարուցուած է

Հայաստանեան լրասփիւռներու հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Օգոստոս 30-ին, Արցախի հանրապետութեան նախագահի գլխաւոր խորհրդական, Պաշտպանութեան նախկին նախարար, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Միքայէլ Արզումանեան ձերբակալուած է Արցախէն Երեւան մեկնելու ճանապարհին՝ Հայաստանի  Քննչական կոմիտէի զինուորական վարչութեան քննիչներու յանձնարարութեամբ։

Նոյն օրը ՀՀ Քննչական կոմիտէն հաղորդագրութեամբ մը Մ. Արզումանեանի նկատմամբ մեղադրանք յարուցած է, ի մասնաւորի՝ Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութիւնը կազմակերպելու ընթացքին անփոյթ վերաբերում դրսեւորելու, ծառայողական պարտականութիւնները ոչ-պատշաճ կատարելու ամբաստանութիւններով, որոնք անզգուշութեամբ յառաջացուցած են ծանր հետեւանքներ։

Լուսինէ Ավանէսեան.– «Միքայէլ Արզումանեանի ձերբակալութեան հետ կապուած զարգացումները կը գտնուին Արցախի նախագահի ուշադրութեան կեդրոնը»

Արզումանեանի ձերբակալութեան անդրադարձած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Ավանէսեան։ Ան յայտնած է, թէ նախագահը զօրավարի ձերբակալութեան հարցէն տեղեակ չէ եղած:

“Զօրավար Արզումանեանին Նախագահը համարում է մեր լաւագոյն հրամանատարներից մէկը, ով փառաւոր ճանապարհ է անցել: Անուրանալի են նրա գործադրած ջանքերը նաեւ 2020-ի պատերազմի ժամանակ: Ճիշդ է՝ բանակի հրամանատարութիւնը նա ստանձնել է պատերազմի աւարտից ընդամէնը 12 օր առաջ, բայց գործադրել է հսկայական ջանքեր՝ ռազմական գործողութիւնները արդիւնաւէտ վարելու ուղղութեամբ:

Յոյսով ենք, որ ձերբակալութեան հանգամանքները շուտափոյթ կերպով կը պարզուեն: Զօրավար Արզումանեանի ձերբակալութեան հետ կապուած զարգացումները գտնւում են Նախագահ Յարութիւնեանի ուշադրութեան կենտրոնում”,– նշած է Ավանէսեան՝ պատասխանելով «Արցախփրէս»-ի հարցումներուն։