Interfax.az-ի համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ Սեպտեմբեր 2-ին Իտալիոյ մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու «խաղաղութեան պայմանագրի» շուրջ բանակցութիւնները հիմնուած են Պաքուի առաջարկած եւ Երեւանի ընդունած հինգ սկզբունքներու վրայ։
“Այդ հինգ սկզբունքները կը ներառեն երկու երկիրներու հողային ամբողջականութեան ճանաչում, հողային պահանջներէ փոխադարձ հրաժարում, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի բացառում, սահմաններու սահմանազատում եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացում։
Այս սկզբունքները Ազերպայճանի կողմէ առաջարկուած են Հայաստանին։ Հայաստանի վարչապետը ընդունած է զանոնք։ Այդ առաջարկները վերահաստատուեցան նաեւ երկու օր առաջ Պրիւսէլի մեր հանդիպման ժամանակ”,– ըսած է Ալիեւ։