Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Նախագահ Յարութիւնեան ընդունած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան հիմնադիր-ղեկավարներ Մանէ Թանդիլեանը եւ Մեսրոպ Առաքելեանը

 

Սեպտեմբեր 3-ին,  նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին առթիւ Ստեփանակերտ գտնուող «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան հիմնադիր-ղեկավարներ Մանէ Թանդիլեանը եւ Մեսրոպ Առաքելեանը:

Հանդիպումին քննարկուած են Արցախի շուրջ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր:

Նախագահը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնած է Թանդիլեանին եւ Առաքելեանին՝ մնայուն կերպով Արցախի կողքին ըլլալնուն եւ տարբեր նախաձեռնութիւններով Արցախահայութեան խնդիրներու լուծման նպաստելնուն համար: