Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ յայտնած է այն երկիրներուն անունները, որոնք կը հրաւիրուին Հոկտեմբերին Փրակայի մէջ կայանալիք՝ Եւրոպական Միութեան ոչ-պաշտօնական համաժողովին։ Այս մասին գրած է բրիտանական The Guardian-ը։
Յառաջիկայ համաժողովին, ենթադրաբար, մասնակցող երկիրներու կարգին պիտի ըլլան Հայաստանը եւ Ազերպայճանը։ Նշուած է, որ ժողովին կը նախատեսուի քննարկել Եւրոպական քաղաքական մարմին ստեղծելու գաղափարը, որ պիտի զբաղի ցամաքամասի անվտանգութեան հարցերով։ Մարմինին մէջ կրնան ներգրաւուիլ Ուքրաինան եւ Եւրոպական Միութենէն դուրս ելած Մեծն Բրիտանիան։
Այս քննարկման նախաձեռնողը Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնն է։