Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Նոպէլեան դափնեկիր Էմանիւէլ Շարփանթիէ բացայայտած է իր հայկական ծագումը

Starmus VI փառատօնին որպէս պատուոյ հիւր մասնակցելու եւ շարք մը դասախօսութիւններ տալու համար Հայաստան հրաւիրուած է ֆրանսացի հռչակաւոր քիմիագէտ, կենսաբան, մանրակենսաբանութեան, ծինաբանութեան եւ կենսաքիմիագիտութեան բնագաւառներուն մէջ իր հետազօտութիւններով ծանօթ, 2020-ին քիմիայի նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Էմանիւէլ Շարփանթիէ։

Ան, հայաստանեան իր հանդիպումներու ընթացքին բացայայտած է, թէ ինք ծագումով Հայ է։ Պատմած է, թէ իր մեծ հայրը, որու մականունն էր Սինանեան, Ցեղասպանութենէն ճողոպրելով Ֆրանսա հաստատուած է։