Ազերպայճանական «Թուրան» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Սեպտեմբեր 10-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին՝ «Ազերպայճանի բանակին հրահանգուած է պատրաստ ըլլալ, հարկ եղած պարագային, Ղարաբաղի եւ հայ-ազերպայճանական սահմանին հայկական զինուած ուժերու գրգռութիւնները վճռականօրէն եւ անյապաղ կանխելու համար»։
Խորհրդակցութեան մասնակցած են Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմով գրաւուած շրջաններուն մէջ տեղակայուած զօրամասերու հրամանատարները։
Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ խորհրդակցութեան ընթացքին մասնակիցները «մանրամասնօրէն վերլուծած են հայ-ազերպայճանական պետական սահմանին վրայ եւ Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը»։
Ազերպայճանական ապատեղեկատուական արշաւը
Զարմանալիօրէն, Ազերպայճանի բանակին յղուած «պատրաստ ըլլալ»-ու այս հրահանգը կը հնչէ այնպիսի պահու մը, երբ Պաքու վերջին օրերուն սաստկացուցած է ապատեղեկատուական արշաւը, պնդելով որ՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին հայկական կողմը կը կրակէ իր դիրքերուն ուղղութեամբ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան հերքելով ազերպայճանական այս ու նման պնդումները, յայտարարած է, թէ նշեալ սահմանին վրայ իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է։
Հակառակորդի պնդումներուն ապատեղեկատուական բնոյթը ապացուցելու համար առնենք վերջին օրինակ մը. Պաքու Սեպտեմբեր 10-ին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ իր անհիմն նմանատիպ պնդումին մէջ այս անգամ ալ կը նշէր Քելբաջարի դիրքերը, որոնց մօտ կը գտնուի նաեւ Վերին Շորժա համայնքը։ Մինչդեռ, Վերին Շորժայի համայնքապետ Արտիոմ Երանոսեան բացարձակապէս հերքած է այդ պնդումները, նշելով որ կրակոցի ձայն չեն լսած, յաւելեալ՝ եթէ այդպիսի բան ըլլար՝ գիւղացիները ներկայիս դաշտը չէին կրնար ըլլալ, աշխատիլ, ցորեն հնձել։
Քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեանի կարծիքով՝ Ազերպայճան կը պատրաստուի լարումը սաստկացնելու
Քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեան այս զարգացումներուն մասին «Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումներուն պատասխանելով՝ ըսած է, թէ իր կարծիքով Ազերպայճան կը պատրաստուի ռազմական գրգռութիւններու, այդպէսով Հայաստանին ստիպելու համար, որ կատարէ իր գլխաւոր պահանջը՝ Արցախի զինաթափումը։
“Եթէ կը յիշէք, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Յուլիսին յայտարարեց, որ Սեպտեմբերին հայկական ինչ-որ զինուած ստորաբաժանումներ պիտի մեկնին Արցախէն. պարզ է, որ Արցախի մէջ զինուած ստորաբաժանումներ չկային ու չկան, եւ խօսքը հաւանաբար կը վերաբերի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի սպառազինութեան։ Իմ կարծիքով՝ իրավիճակի սաստկացման միջոցով Ազերպայճան կը փորձէ ստիպել, որ այդ գործընթացը տեղի ունենայ: Կը կարծեմ, ցաւօք սրտի, այո՛, մօտակայ օրերուն Ազերպայճան պիտի դիմէ ռազմական գրգռութեան”,– նշած է Գրիգորեան:
Իսկ «Եթէ Ազերպայճան գործի անցնի, Հայաստան ի՞նչ պէտք է ընէ» հարցումին՝ քաղաքագէտը պատասխանած է, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին կառավարութիւնը ընելիք ունէր՝ պէտք է բանակը վերականգնէր, բայց այդ ուղղութեամբ քայլ չէ առնուած։
“Կարելի էր գործնական որոշ քայլեր առնել, բայց կը տեսնենք, որ իշխանութիւնները նստած, միջազգային հանրութեան հետ դիրքորոշումներ համապատասխանեցնելու կ՚աշխատին: Բանակի վերականգնման ուղղութեամբ՝ ես որեւէ իրական քայլ չեմ տեսներ: Կարելի էր որոշ բաներ ընել, բայց ես չեմ տեսներ, որ որեւէ բան կատարուած է”,– ընդգծած է ան:
Տիգրան Գրիգորեանի կարծիքով՝ ազերպայճանական յարձակումը զսպելու հարցին մէջ որեւէ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ նաեւ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըրի տարածաշրջանային այցը։ Նորանշանակ համանախագահը հինգշաբթի օրուընէ կը գտնուէր Երեւան, ուրկէ կը մեկնէր Թիֆլիս եւ Պաքու։