Search
Close this search box.

Ազերպայճան կրկին յարձակման անցած է, այս անգամ՝ Հայաստանի դէմ

Թշնամի ուժերը հրետանային կրակ բացած են Գորիսի, Սոթքի, Ջերմուկի ուղղութեամբ, օգտագործած են նաեւ անօդաչու սարքեր

Մինչ օրերէ ի վեր ազերպայճանական գրգռութիւնները սաստկացած էին, նոյնիսկ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ երկրին բանակին «նոր գործողութեան պատրաստ ըլլալու» հրահանգին մասին լուրեր հասած էին Երեւան, եւ բոլոր սլաքները ցոյց կու տային, թէ Պաքու դարձեալ կը փորձէ կրակը բոցավառել իր նոր ոտնձգութիւններու նպատակին հասնելու համար, եւ մինչ հայկական կողմը թերեւս ալ ճարահատութեան բնազդով՝ քիչ թէ շատ «լաւատես» մեկնաբանութիւններով կը դիմաւորէր այս ամբողջը, ենթադրելով թէ՝ ազերպայճանական կողմը ամենայն հաւանականութեամբ իր պահանջները անյապաղ գործադրել տալու նպատակով՝ սպառնալիքներու այս եղանակին կը դիմէ, ահա հասած է անխուսափելին։

Սեպտեմբեր 13, ժամը 00:05-էն, Ազերպայճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները Գորիսի,Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանիով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զէնքերով սկսած են սաստիկ կրակ բանալ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հակառակորդը կ՚օգտագործէ նաեւ անօդաչու սարքեր

Հայկական կողմը պատասխան կրակի դիմած է։ Սակայն, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, Փարիզի ժամով 1-ին բախումներու մասին մանրամասնութիւններ չկային։ Նոյնիսկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յորդորած էր փոխադարձ հրացանաձգութիւններու մասին տեսանիւթեր չհրապարակել։  

Միայն, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արամ Թորոսեան նշած էր հետեւեալը.– «ՀՀ Զինուած ուժերը համարժէք պատասխան են տալիս։ Պաշտպանության նախարարութիւնը պարբերաբար հանդէս կը գայ իրադրութեան զարգացումների վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւններով»: