Search
Close this search box.

Ինքնիշխանութեան բարդ ճանապարհը

 

Նորէն Ազերպայճանի կողմէ ծանր յարձակում գործուեցաւ, այս անգամ Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ, թիրախ առնելով ե՛ւ սահմանապահ դիրքերը ե՛ւ խաղաղ բնակավայրերը։ Պաշտօնական տուեալներով՝ կան 49 զոհեր, վիրաւորներ, նիւթական բազմաթիւ վնասներ եւ քանդուած ենթակառոյցներ։ Տակաւին վերջնական տուեալները չեն յստակացուած։ Այս յարձակումները տեղի ունեցան ի հեճուկս վերջին շրջանին, միջազգային դիւանագիտական ու քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու, ինչպէս Պրիւսէլի մէջ՝ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազերպայճանի նախագահին, ու Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ՝ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու։ Եւ ի հեճուկս ամերիկացի նորանշանակ բանագնաց Ֆիլիփ Ռիքըրի եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւի՝ տարածաշրջան այցելութեան։ Ի հեճուկս ազերական հայատեաց քաղաքականութիւնն ու խաղաղ բնակչութեան դէմ ռազմական գործողութիւնները դատապարտող Եկեղեցիներու համաշխարհային համագումարի, ՄԱԿ-ի Ցեղային խտրականութեան վերացման յանձնաժողովի յայտարարութիւններուն եւ ՄԻԵԱ-ի դատավճիռին։ Յարձակումները տեղի ունեցան իբրեւ թէ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւն՝ Ազերպայճանի կողմէ հինգ ռազմագերիներու ազատ արձակումէն շաբաթ մը ետք։ Ինչպէ՞ս մեկնաբանել Ազերպայճանի հակասական վայրենաբարոյ ռազմավարութիւնը, միջազգային հասարակութեան անհամապատասխան հակազդեցութիւնը։

Երկու շաբաթէ ի վեր Ազերպայճան յերիւրածոյ յայտարարութիւններ կը կատարէր ամբաստանելով հայկական կողմը ազերական դիրքերը ռմբակոծելու մեղադրանքով, որոնք կանոնաւոր կերպով կը հերքուէին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։

Հայաստան պաշտօնապէս դիմեց Ռուսաստանին, ՀԱՊԿ-ին։ Դեռ յստակ չէ թէ կը դիմէ՞ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, թէ՞ ո՛չ։ Բնական է որ դիմէ Ռուսաստանին, իր ռազմավարական եւ ռազմական դաշնակիցին։ Նոյնպէս ՀԱՊԿ-ին, որ թէեւ մեծ մասամբ ազերպայճանամէտ երկիրներու ակումբ է, որ ցայժմ Հայաստանի ի նպաստ ո՛չ մէկ դրական քայլ առած է, բայց եւ այնպէս անոր անդամ ըլլալով, պէտք է դիմէ։

Հանրապետութեան նախագահը եւ Արտաքին գործոց նախարարը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նշեցին, որ միջազգային հանրութենէն կը սպասեն ազերական յարձակումը դատապարտող հասցէագրուած գնահատական։

Զարմանալիօրէն, ազերական ռազմական յարձակումները միշտ սուր կերպով ջուրի երես կը հանեն Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցին՝ Ռուսաստանի անպարտաճանաչ, անպատասխանատու կեցուածքը։ 2020-ի Արցախեան պատերազմի ժամանակ Ռուսաստան չմիջամտեց պատճառաբանելով որ՝ Արցախ միջազգային օրէնքով Հայաստանի մաս չի կազմեր։ Նոյնիսկ ծաղրական շեշտով յիշեցուց, որ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն՝ Հայաստանի կողմէ իսկ չէ ճանչցուած։ Հապա ներկայի՞ս։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքն է, որ կը գնդակոծուի։ Ինչո՞ւ Ռուսաստան չի հակազդեր։ Կարելի է պատճառաբանել, որ Ուքրաինայի մէջ ներկայիս ան մեծ կորուստներ կը կրէ, եւ Ազերպայճան առիթը կ՚օգտագործէ Զանգեզուրի միջանցքի կառուցումը պարտադրելու եւ Արցախի կարգավիճակի որոշման հարցը լուծելու համար, հողային իր ամբողջականութիւնը պարտադրելով։ Այս պատճառաբանութիւնը եթէ այսօր ձեւով մը «ընդունելի» է, բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ձեւով կ՚արդարացնէ 2020-էն ի վեր Հայաստանի ինքիշխան տարածքներուն դէմ Ազերպայճանի ոտնձգութիւններու առաջքը առնելու եւ իր դաշնակցային պարտականութիւնները կատարելու Ռուսաստանի դժկամութիւնը։

Փաստօրէն ազերական ռազմական գործողութիւններու արհաւիրքին վրայ կ՚աւելնայ Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակցութեան փորձանքը, որ Հայաստանը կը զրկէ ինքնապաշտպանութեան երկու կարեւոր լծակներէ. առաջին՝ ազատօրէն երրորդ երկիրներէ գերարդիական զէնք եւ զինամթերք գնելու կարելիութենէ,– որովհետեւ Ռուսաստանի կողմէ այդ քայլը պիտի դիտուէր իբրեւ ոչ-դաշնակցային, թշնամական քայլ,– եւ երկրորդ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դիմելու կարելիութենէ, քանի որ այս քայլը կրնայ առաջնորդել միջազգային դատապարտումի եւ նոյնիսկ միջազգային խաղաղապահ զօրքեր տարածաշրջան ղրկելու որոշումի, ինչ որ կը հակասէ Արցախի մէջ ռուս խաղաղահ զօրքերու տեղակայումին։

Ֆրանսա պիտի դիմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու նպատակով։ Կարեւոր յառաջընթաց մը պիտի ըլլայ այս քայլը Հայաստանը դուրս բերելու զուտ ռուսական պաշտպանական համակարգէն։ Թէեւ Ռուսաստան եւս Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ ըլլալով եւ վեթոյի իրաւունք ունենալով՝ կրնայ որեւէ որոշումի քուէարկումը խոչընդոտել։ 

Ժ.Չ. ■