IRNA գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ազերպայճանցի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային զրոյցին շեշտած է, որ Թեհրան հայ-իրանական սահմանը կը համարէ պատմական հաղորդակցութեան ճանապարհ, որ պէտք է անփոփոխ մնայ։
Լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ նոր բախումներու կապակցութեամբ՝ Իրանի նախարարը յայտնած է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու հարցը խաղաղ եւ քաղաքական ճանապարհով լուծելու համար։ Ան աւելցուցած է, թէ իր երկիրը միշտ ալ ընդգծած է երկիրներու, այս պարագային՝ Ազերպայճանին եւ Հայաստանին, հողային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։