«Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը միակ տարբերակն է՝ երկիրը զերծ պահելու ցեղային զտումներից»
Արցախի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարուհի Անահիտ Յակոբեան Ֆրանսայի Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէի կողմէ հրաւիրուած էին Արցախի անկախութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով տնտեսական, մշակութային ու կրթական մարզերու վերաբերեալ համագործակցութեան հանդիպումներ ունենալու։ Այս առթիւ Սեպտեմբեր 2-ին Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Լիոնի շրջանին մէջ ելոյթ ունեցաւ Արցախի սենեկային նուագախումբը։
Հայկ Խանումեան, ծնած է Իջեւան, ամուսնանալով հաստատուած՝ Արցախ։ 2015-ին ընտրուած է Արցախի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխան, Ազգային Վերածնունդ կուսակցութենէն, սուր քննադատութիւններու ենթարկած է Բակօ Սահակեանի նախագահութեան շրջանին Արցախի կառավարութեան գործունէութիւնը։ Սակայն, 2020 թուականի պատերազմին իր նախաձեռնութեամբ Հադրութի շրջանին ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութիւնը գնահատուելով՝ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ նշանակուած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար։ Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը։ Ֆրանսայի Սթրազպուրկի համալսարանին մէջ մէկ տարի մասնագիտացած է Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու գծով։ Եղած է Սիվիլնեթի եւ Մետիամաքսի լրագրող։
Ստորեւ՝ Փարիզի մէջ նախարար Խանումեանի հետ ունեցած մեր հարցազրոյցը, որ կատարուած է Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած վերջին յարձակումէն առաջ։
Նոր Յառաջ – Պատերազմէն ի վեր Արցախը եւ Հայաստանը թիրախ են ազերական յարձակումներու, հակառակ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան։ Իբրեւ Արցախցի, ինչպէ՞ս կ՚ապրիք այս իրողութիւնը։ Ի՞նչ հին ու նոր միջոցներ ունիք ձեր զինանոցին մէջ՝ դիմադրելու եւ դիմանալու։
Հայկ Խանումեան – Ճիշդ էք նշում, պատերազմից յետոյ եւ պատերազմի հետեւանքով նոր իրողութիւններ են ստեղծուել եւ դրանց անպակաս բաղադրիչն է Ադրբեջանի կողմից խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ահաբեկչութիւնը։ Մենք տեսանք, թէ հակառակորդը ինչպէ՛ս փոքր հրետանիով կը հրետանակոծէ Արցախի բնակավայրերը՝ տարբեր սահմանամերձ գիւղերում, մենք տեսանք թէ ինչպէ՛ս բարձրախօսերով բնակիչներին կոչ էին անում դուրս գալ իրենց տներից եւ հեռանալ Արցախից։ Հետեւաբար ակնյայտ է որ Ադրբեջանը փորձում է ահաբեկչութեան միջոցով հայաթափել Արցախը։ Բայց հակառակ այս բոլորին, մենք պէտք է ամէն ինչ անենք ուժեղացնելով մեր համայնքները, աւելացնելով բնակիչների թիւը, ստեղծելով պաշտպանութեան նոր գործիքակազմեր։ Պատճառն էլ այն է, որ գոյութիւն ունեցող գործիքակազմերը,– ինչպէս ցոյց տուեց ժամանակը,– հնացած են եւ պէտք է նոր համակարգ ստեղծել, յատկապէս՝ տարածքային կամ համապարփակ պաշտպանութիւն, որովհետեւ երկրի բոլոր համակարգերը ծառայում են պաշտպանութեան կազմակերպման։
Ես կարծում եմ, որ պատերազմին մեր պարտութիւնը կառավարման խնդիր էր։ Այդ առումով սխալ մեթոտներ էինք օգտագործում։ Այսօր էլ աշխարհի տարբեր թէժ կէտերում տեսնում ենք, որ նոյնիսկ փոքր, սահմանափակ միջոցներով պետութիւնները կարողանում են լաւ պաշտպանութիւն կազմակերպել, եթէ օգտագործում են ժամանակակից մեթոտներ։ Հետեւաբար, այո՛, ծանր իրավիճակ է, մարտահրաւէրները շատ լուրջ են, բայց այնուամենայնիւ նկատելի են քաղաքական եւ ռազմական գործիչների խմբեր, որոնք հաւատում են այս վիճակից փրկուելու ելքերին եւ աշխատում են երկրի պաշտպանութիւնը հզօրացնելու ուղղութեամբ։
«ՆՅ» – Նախքան պատերազմը Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխան էիք։ Այն ժամանակ կը քննադատէիք կաշառակերութիւնը, կողոպուտը, նոյնիսկ ատեն մը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնեաներուն կողմէ ծեծի ենթարկուեցաք՝ ձեր քաղաքական հայեացներուն պատճառով։ Սակայն 2020-ի պատերազմէն ետք, իրավիճակը փոխուեցաւ եւ ներկայիս կառավարութեան անդամ էք, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար։ Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ վերաբերումի փոփոխութիւնը ձեր նկատմամբ։
Հ.Խ. – Այո՛, երեսփոխան եղած ժամանակ, ես սուր քննադատութեան էի ենթարկում նախագահ Բակօ Սահակեանի իշխանութիւնը, յատկապէս պաշտպանութեան հարցերով. յաճախ բարձրացնում էի նոր սպառազինութեան ձեռքբերման կարեւորութիւնը, որը հնարաւորութիւն կը տար թռչող սարքերի դէմ պաշտպանութիւն կազմակերպել։ Այս թեմաները բաւական սուր էին ընդունւում այն ժամանակուայ իշխանութիւնների կողմից, քանի որ իրենք կարծում էին, թէ շատ լաւ են կազմակերպում պաշտպանութիւնը, իրենց համար զօրավարները «սուրբ» էին։
2020 թուականին, ես նախագահական ընտրութեան ընդդիմադիր թեւի թեկնածու էի։ Երբ Արայիկ Յարութիւնեանը նախագահ ընտրուեց, ես եւ իմ կուսակցութիւնը («ՆՅ» – Ազգային վերածնունդ) երբեք չէինք մտածում մաս կազմել կառավարութեան։
Պատերազմի ժամանակ մեր կուսակցութիւնը ռազմական ստորաբաժանման վերածուեց, եւ մենք բոլորս մասնակցեցինք պատերազմին։ Մեր վարչութեան հինգ անդամներից մէկը եւ բազմաթիւ կուսակիցներ զոհուեցին այս պատերազմին։
Պատերազմի աւարտին մենք որոշում կայացրեցինք, որ պէտք է մեր ընտանիքներով բնակուենք Արցախ, եւ ինչպէս ասացի, պէտք է հնարաւորինս հզօրացնենք Արցախը, երկրի համակարգերը եւ աւելացնենք բնակչութեան թիւը։ Պատերազմից յետոյ մենք յայտարարեցինք թէ որեւէ քաղաքական փառասիրութիւն չունենք եւ մեր կուսակցութիւնը այլեւս պիտի չմասնակցի ներքաղաքական պայքարին։ Եթէ իմանայինք որ պատերազմ է լինելու, թերեւս տարիներ առաջ մեր քաղաքական գործունէութիւնը կ՚ուղղէինք դէպի Արցախի ի նպաստ աւելի գործնական քայլերի, եւ կը լծուէինք օրինակ՝ Հադրութի գիւղերը հզօրացնելու գործին։ Պատերազմը փաստեց, որ որքա՜ն անպաշտպան էին Հադրութի գիւղերը եւ այդ պատճառով էլ կորցրեցինք Հադրութը։
Այնուհետեւ մենք հրաւիրուեցինք մաս կազմելու կառավարութեան եւ ընդունեցինք մեզ ներկայացուած առաջարկը։
«ՆՅ» – Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի անկախութիւնը երկու համազգային նիւթեր են, որոնք պէտք է համախմբեն հայութիւնը, բայց ներկայիս դարձած են պառակտումի առարկայ։ Կարծէք մրցակցութիւն մը կայ հայրենասիրութիւն ցուցադրելու, փողոցներուն մէջ բարձրագոչ աղաղակելու։ Պարտութիւնը մարդիկ աւելի խոհեմ ու զուսպ դարձնելու փոխարէն գրգռած է կիրքերը։ Ի՞նչ է պատճառը, որ ուրիշը վարկաբեկելը դարձած է ազգասիրութիւն փաստելու միջոց։
Հ.Խ. – Այս երեւոյթը յատուկ չէ միայն մեզ, ամբողջ աշխարհում այդպէս է։ Այստեղ, Ֆրանսիայի մէջ էլ տեսնում ենք որ համակարգը տարբեր փոփոխութիւնների է ենթարկւում, աւանդական կուսակցութիւնները տրոհւում են, տարբեր շարժումներ են առաջ գալիս։ Դիմագիրքում ստեղծուած քաղաքական գործիչները աւելի մեծ յաջողութիւն են ունենում, քան թէ երկար տարիների փորձառութիւն ունեցող անձինք եւ այլն։ Աշխարհը փոխուել է եւ այսօրուայ աշխարհում հսկայական տեղեկատւութիւն կայ, որի մէջ շատ մեծ տեղ է գրաւում ապատեղեկատւութիւնը։ Հետեւաբար այս պարագայում հեղինակութիւններ լինել չեն կարող, մարդիկ, կուսակցութիւններ արագ ոչնչանում են, մէկ օրում ստեղծւում են հերոսներ, իսկ յաջորդ օրը նրանք դառնում են դաւաճաններ, եւ այսպէս շարունակ։ Այս պայմանների մէջ երբ որ տեղեկատւութիւնը համընդհանուր է եւ, ինչպէս ասացի, մեծ մասամբ ապատեղեկատւութիւն է, միակ տարբերակը՝ պետական կառոյցների ուժեղացումն է։
Ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներին կարող է դիմակայել մի՛այն կազմակերպուած պետութիւնը։ Մենք տեսանք, որ Ադրբեջանի մէջ աւելի կազմակերպուած բռնապետութիւնը, այս պատերազմում յաջողութիւններ ունեցաւ, քանի որ նա կարողացաւ իր մարդկային եւ ֆինանսական ուժերը զօրաշարժի ենթարկել, զարգացնել իր տնտեսութիւնը, գիտութիւնը, բանակը։ Մենք բռնապետութիւն չենք, բայց նաեւ կայացած ժողովրդավարութիւն չենք, եւ պատճառներից մէկն էլ այն է, որ մեր պետական համակարգը, հաստատութիւնները թոյլ են։ Հետեւաբար մեր առաջնահերթութիւնը մեր պետականաստեղծ հաստատութիւնների հզօրացումն է։
«ՆՅ» – Արցախի կարգավիճակի հարցը կը մնայ անորոշ։ Ռուսաստանի նախագահ Փութին, ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ժամանակ յայտարարեց, թէ որոշ ժամանակ պէտք չէ խօսիլ կարգավիճակի մասին։ Իսկ հայութիւնն ու Արեւմուտքը կը պնդեն հակառակը։ Որքանո՞վ այս խնդրին վրայ ազդելու միջոցներ ունին Հայաստանն ու Արցախը։
Հ.Խ. – Կարգավիճակ ասելով պէտք է հասկանանք, թէ ի՛նչ կարգավիճակի մասին է խօսքը։ Այո՛, ակնյայտ է որ Ռուսաստանը դեռեւս չի ուզում քննարկել Արցախի կարգավիճակի հարցը, իսկ Արեւմուտքից որոշակի ազդակներ կան այդ հարցը քննարկելու գծով։ Պէտք է հասկանալ որ Արցախը Ադրբեջանի կազմում ենթադրում է ցեղային զտումներ։ Դա ենթադրում է որ այլեւս ոեւէ Հայ պիտի չմնայ Արցախում։
Հայկական կողմը պէտք է ձգտի Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման։ Անկախ նրանից թէ Արեւմուտքը եւ Ռուսաստանը ի՞նչ մօտեցում ունեն, Արցախը՝ մասնաւորապէս, եւ Հայաստանը՝ նմանապէս, պէտք է աշխատեն Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ։ Եւ ա՛յս է միակ տարբերակը՝ Արցախը զերծ պահելու ցեղային զտումներից։ Ադրբեջանի կողմից վարուող քաղաքականութիւնը ցոյց է տալիս որ այդ երկրի գլխաւոր նպատակը՝ Արցախի հայաթափումն է։ Հետեւաբար Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը կարող է ինչ-որ չափով անվտանգութեան երաշխիք լինել մեզ համար։
«ՆՅ» – Ռուբէն Վարդանեան միլիառատէրը, յայտարարեց որ կը հրաժարի իր ռուսական հպատակութենէն եւ Արցախ կը հաստատուի։ Այդ յայտարարութիւնը ինչպիսի՞ ընդունելութիւն գտաւ Արցախահայութեան կողմէ։ Ան Հայկական քաղաքական ճակատին վրայ հիմնական փոփոխութիւն կը բերէ՞։
Հ.Խ. – Ոեւէ Հայի, եւ յատկապէս Վարդանեանի նման նշանաւոր Հայի,– որ գործարար աշխարհի մէջ յաջողութիւնների է հասել եւ հանդէս է եկել հայանպաստ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով՝ Դիլիջանի դպրոցի հիմնադրումը, Տաթեւ գիւղի շուրջ զբօսաշրջային ենթակառոյցների ստեղծումը, Աւրորա մարդասիրական ձեռնարկը եւ այլն,– Արցախ տեղափոխուելը մեծ կարեւորութիւն ունի եւ կարող է նոր յոյս եւ նոր լիցք հաղորդել Արցախցիներին։
«ՆՅ» – Արցախի բանակի բարձրաստիճան երկու հրամատարներուն՝ Ջալալ Յարութիւնեանի եւ Միքայէլ Արզումանեանի դէմ քրէական գործ յարուցուած է։ Արդարացուա՞ծ է նման ծանրակշիռ հետապնդում։ Ուշացա՞ծ է նման դատավարութիւն։ Քաւութեան նոխա՞զ են Արցախի բանակի այս երկու զինուորականները։ Այս ուղղութեամբ ի՞նչ կարծիք ունիք։
Հ.Խ. – Ակնյայտ է, որ պատերազմի հետեւանքները պէտք է քննութեան ենթարկուեն։ Բայց կարծում եմ, որ յատկապէս Միքայէլ Արզումանեանի եւ Ջալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ հրապարակային քրէական գործ յարուցելը՝ պատերազմի պատճառները քննելու ճիշդ ուղղութիւնը չի։ Պատերազմի պատճառները, բացի նեղ քննչական գործողութիւններից, ենթադրում են նաեւ լուրջ վերլուծական աշխատանք, լուրջ հետազօտութիւններ, հասկանալու այն բոլոր պատճառները, որոնք յանգեցրին պարտութեան։ Դրուագ առ դրուագ, վայրկեան առ վայրկեան մենք այս պատերազմը պէտք է վերլուծենք, որպէսզի կարողանանք հետագայում յաղթանակների ճանապարհ բացել։
«ՆՅ» – Ի՞նչ կ՚ըսէիք Ֆրանսա ձեր այցելութեան արդիւնքներուն մասին։
Հ.Խ. – Ինչպէս գիտէք, մենք ֆրանսիա էինք Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէի հրաւէրով, մասնակցելու Արցախի անկախութեան նուիրուած միջոցառումին։ Հանդիպում ունեցանք պրն Վոքիէի հետ, քննակեցինք Արցախի հետ համագործակցութեան հեռանկարները։ Ներկայացրեցինք Արցախում տիրող վիճակը։ Փարիզում հանդիպում ունեցանք ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայոյի հետ։ Նշեմ, թէ մէկ տարի առաջ էլ տեսակցութիւն էի ունեցել պրն Ռըթայոյիի հետ, որի շնորհիւ Ծերակոյտի մէջ ստեղծուել էր «Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային տեղեկատուական խումբ»-ը, որ Արցախի վերաբերեալ նիւթեր պատրաստելու եւ տեղեկութիւնները ծերակուտականներին հաղորդելու առումով կարեւոր դերակատարութիւն ունի։ Պայմանաւորուեցինք մշտապէս տեղեկութիւններ փոխանակել եւ համագործակցել իրար հետ։
Առանձին տեսակցութիւններ ունեցանք նաեւ մեր բարեկամ երեսփոխանների եւ ծերակուտականների, Արցախ-Ֆրանսիա բարեկամութեան շրջանակի պատասխանատուների հետ, քննարկացինք Արցախի աջակցութեան առնչուող զանազան հարցեր։ Ըստ իս, Ֆրանսիայի տեղական եւ շրջանային իշխանութիւնների հետ հանդիպումները եւ աշխատանքները պէտք է պարբերական բնոյթ կրեն։
Տեսակցութիւնը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■