Հայաստան անկախութեան 30-րդ տարեդարձը կը թեւակոխէ անվտանգային ծանր պայմաններու ներքոյ։ Արցախի պատերազմէն տարի մը ետք, Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ յայտարարութեան կարգ մը կէտեր դեռ չեն յարգուած Ազէրիներու կողմէ եւ գոյութիւն ունի Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան լուրջ մարտահրաւէր։ Ներքին քաղաքական կեանքը բնաւ չի դրսեւորեր արտաքին վտանգները դիմագրաւելու միասնական ըմբռնում։ Թերեւս ալ ադպէս պէտք է ըլլայ, օրինաչափութիւն է, որովհետեւ արդարութիւնը ներքին կամ արտաքին սահման չի ճանչնար։ Որքան որ հողային պահանջի մէջ՝ սահմանագծումի, ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման, արդարութեան ազդակը որոշիչ է, նոյնքան որոշիչ է նաեւ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ՝ հինէն եկած անարդարութիւնները սրբագրելը, ինչպէս նաեւ օրէնքի գերակայութիւնը հաստատելը։ Թէեւ Խորհրդարանը ծայր աստիճան բեւեռացած վիճակ մը ցոյց կու տայ, բայց հասարակութիւնը արտակարգ ընտրութիւններով վերահաստատեց արդարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը ամրագրելու իր նախապատւութիւնը, որոնք ինքնիշխանութեան ու պետութեան անվտանգութեան, ժողովուրդի բարօրութեան հիմնական սիւներն են։
Ազէրիները Գորիս-Կապան մայրուղիէն հատուածի մը տէրը դառնալով, ամէն օր թշնամական գործողութիւններու կը դիմեն, լարուած պահելով Հայաստանի քաղաքական դաշտը, երկրի անվտանգութիւնը, սահմաններու պաշտպանութիւնը դարձնելով Հայաստանի քաղաքական օրակարգի հրատապ նիւթ։ Հակառակ Պաշտպանութեան նորանշանակ նախարարի սկզբնական յայտարարութեան, որ հազիւ պաշտօնի կոչուած ազդարարեց, թէ պիտի հակազդեն ազէրական իւրաքանչիւր ոտնձգութեան, Հայկական բանակը կարգ մը վայրերու մէջ հակադարձելէ ետք, վերադարձաւ իր զգուշաւոր վերաբերումին, ռուսական կողմին միջնորդութեան դիմելով, յատկապէս Սիւնիքի սահմանային միջադէպերուն առթիւ։
Հասկնալի է որ Ազէրիներուն նպատակն է խախտել Նոյեմբեր 9-ի հրադադարը, վերսկսիլ պատերազմը, ստիպելով Ռուսերը Արցախէն ամբողջովին հեռանալու։ Այս սպառնալիքը այսօր կայ, իսկ հնգամեայ պայմանաժամի աւարտին ինքնըստինքեան կայ։ Այս պատճառով, Ազէրիները կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն իրենց սահմանային մարտավարական յարձակումները եւ ճնշումները։ Անոնք Արցախը շրջապատող եօթը շրջաններուն տէր դառնալով, անոր գրաւումը անհամեմատ աւելի հեշտ դարձուցած են։ Միակ խոչընդոտը եռակողմ համայձայնութիւնն է եւ ռուս խաղաղապահները։
Հայաստանի սահմանին յարձակումները կը հետապնդեն հայկական կողմը սահմանային բախումներու մղելով պատերազմի հրահրումի ու Արցախի ամբողջական գրաւման նպատակը։ Հրադադարը երաշխաւորող երրորդ երկիրը՝ Ռուսաստան, ինք եւս ծուղակը ինկածի վիճակին մէջ կը գտնուի։ Ծուղակ մը, որ ինք լարած է Լաւրով-
եան ծրագրով, որուն հեռահար նպատակը, տիրելով Արցախին՝ Հայաստանի ու Ազէրպայճանի միջեւ իրաւարարի դեր կատարելն էր։ Սակայն, առաջին հնգամեակի աւարտին Ռուսաստանի կարգավիճակը եւս կը մնայ անորոշ։ Յետոյ պէտք չէ մոռնալ որ Ռուսաստան ենթակայ է Արեւմուտքի պատիժներու։ Անոր ներքին քաղաքական վերիվայրումները ինչ ընթացք կը ստանան, յայտնի չէ։ Պատմութիւնը կը յուշէ՝ բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, երբ 1917-ին Ռուսերը լքեցին պատերազմի դաշտը։ Այսօր եւս երբ վիճակը անկառավարելի դառնայ, որեւէ պահու Ռուսերը կրնան հեռանալ։
Շահերու բախման այս բարդ իրավիճակին մէջ, Հայաստանի նման ոչ- հարուստ, կայացման ընթացքի մէջ գտնուող փոքր երկրի մը համար այս գոյամարտը ճակատագրական է։
Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային հասարակութեան անդադար հարեւան երկիրներու հետ խաղաղութիւն հաստատելու ազդանշաններ կը ղրկեն։ Փոխարէնը՝ Ազէրպայճան պատերազմին յաղթանակածի իր առաւելութիւնը կ՚ուզէ շահագործել հայկական կողմէն առաւելագոյն զիջումներ խլելու եւ անոր նուաստացուցիչ պայմաններ պարտադրելու համար։ Թուրքիա նոյնպէս՝ նախապայմաններ կը դնէ՝ Սիւնիքի միջանցք, հողային ամբողջականութեան ընդունում… խաղաղութիւն կնքելու համար։
Պայթիւնավտանգ այս իրավիճակին մէջ Անկախութեան տօնակատարութիւնը առիթ մըն է վերյիշելու անկախութեան 30 տարուան յաջողութիւններու եւ ձախողութիւններու շղթան, գալիք տարիներու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։
Ժ.Չ. ■