Search
Close this search box.

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայոց բանակի զինուորներու հոգիներուն համար

Սեպտեմբեր 18-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին կատարուուած է հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղած են Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան անձնակազմը:

Պատարագէն ետք, Հայրապետը պատասխանելով Cilicia TV-ի հարցումներուն՝ յայտնած է.– “Հոգեհանգիստ՝ նահատակուած զինուորներուն, աղօթք՝ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման եւ դատապարտութիւն՝ Ազերպայճանի բարբարոսային յարձակումին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր խաղաղ բնակիչներուն դէմ, բնականաբար իւրաքանչիւր Հայուն ազգային պարտաւորութիւնն է: Մեր ազգին համար առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւն է մեր միասնականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Հայոց բանակի հզօրացումը՝ մէկդի դնելով ներքին տարակարծութիւնները: Մենք չենք կրնար այլեւս ուրիշներու շահերուն ենթակայ եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն անձնատուր դառնալ: Քաղաքական երկխօսութիւնը, ճկունութիւնը եւ իրապաշտութիւնը պէտք չէ մեզ առաջնորդեն վտանգի ենթարկելու Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը եւ անկախութիւնը: Սա մեր ազգին ու հայրենիքին համար կարմիր գիծ է”: