Search
Close this search box.

Զինուոր Դաւիթ Գիշեան սպանուած է գերութեան մէջ

 

Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչութեան մամլոյ բանբեր Յասմիկ Սամուէլեան տեղեկացուցած է, թէ հայ զինուոր Դաւիթ Գիշեան սպանուած է գերութեան մէջ։ Ազերպայճանական Թելեկրամեան ալիքներէն մէկուն մէջ յայտնուած տեսանիւթէն հարազատները ճանչցած են պարտադիր ծառայութիւն կատարող (ժամկէտային) զինուոր, 2002-ի ծնունդ Դաւիթ Գիշեանը։ Տեսանիւթէն յայտնի եղած է, որ ան վիրաւորուած է ուսէն եւ գերեվարուած, նախքան սպանուիլը գերութեան մէջ։

Յասմիկ Սամուէլեան նշած է, որ իրենք արդէն նամակ յղած են Եւրոպական ատեանին, նշելով թէ՝ Ազերպայճան կոպտօրէն խախտած է Եւրոպական միջազգային համաձայնագիրի 2-րդ յօդուածը։ Ներկայացուցչութիւնը նաեւ դիմում կատարած է համաձայնագիրի 3-րդ յօդուածով,– որ անձը կը պաշտպանէ խոշտանգումներէ ու նուաստացուցիչ վերաբերումէ,– պահանջելով Ազերպայճանի նկատմամբ հրատապ միջոցի կիրարկում։

Մամլոյ բանբերը հաղորդած է, թէ կը պատրաստուին դիմելու նաեւ Լահէյի դատարանին։