Թուրքիոյ խորհրդարանական ազգայնական «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տէսթիճի, որ իշխող դաշինքի գործընկերն է, կը սպառնայ «ջնջել Հայաստանը պատմութենէն եւ աշխարհագրութենէն»։
“Մենք Հայաստանի վարչակազմին կ՚ըսենք՝ խելքը գլուխը թող հաւաքէ: Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ թուրք ժողովուրդը ի վիճակի է Հայաստանը ջնջելու պատմութենէն ու աշխարհագրութենէն, եւ թէ ան մեր համբերութեան սահմանին է”,– ըսած է ան ։
Տեսթիճի յայտնի է իր բազմաթիւ արմատական ֆաշական յայտարարութիւններով ու հայ ժողովուրդին դէմ նախաձեռնութիւններով։ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ան բացէ ի բաց առաջարկած էր զօրք ուղարկել Ազերպայճանին օգնելու, ինչպէս նաեւ պահանջած էր արտաքսել շուրջ հարիւր հազար հայաստանցի գաղթականները, որոնք աշխատանքի համար Թուրքիա կը գտնուին։