Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Քանի մը տողով

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորած է հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան կապակցութեամբ եւ նշած, որ Ռուսաստան ու Հայաստան բարեկամներ ու ռազմավարական դաշնակիցներ են:

* * *

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումին զօրքերը ետ քաշելու կոչ ուղղած է։ «Ժամանակն է, որ զօրքերը ետ քաշուին եւ դիւանագէտները վերադառնան բանակցութիւններու սեղան»,– Թուիթըրի իր հաշիւին գրած է ամերիկացի դիւանագէտը։