Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սապտեմբեր 22-ին ստորագրած հրամանագրով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ Միքայէլ Աղասանդեան Ռուսաստանի մնայուն ներկայացուցիչ նշանակուած է։ Վերջինս այդ երկրին Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) յատուկ դեսպանն է։ Լուրը հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։
Նախապէս այդ պաշտօնը կը վարէր Ռուսաստանի ԱԳՆ աւագ դեսպան Անտրէյ Շուէտով։