Search
Close this search box.

Հայ ձեւագէտները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս մասնակցած են Միլանոյի նորաձեւութեան շաբթուան

Անոնք ուշադրութիւն գրաւած են նաեւ ազերպայճանական յարձակումը դատապարտող իրենց արարքով

 

Միլանոյի մէջ սկիզբ առած է Նորաձեւութեան շաբաթը, որու ընթացքին իրենց հաւաքածոները առաջին անգամ պաշտօնապէս ներկայացուցած են նաեւ հայաստանցի ձեւագէտները (designers)։

Հայկական ապրանքանիշերու ներկայութիւնը հռչակաւոր նման ձեռնարկի անտարբեր չէ ձգած արեւմտեան գործընկերները, որոնք մօտէն հետաքրքրուած են հայ ձեւագէտներու ստեղծագործութիւններով։

Սակայն, նման բարձր մակարդակով ձեռնարկին՝ հայ ձեւագէտներու մասնակցութիւնը ուշագրաւ դարձած է նաեւ այլ հանգամանքով մը։ Նախքան հագուստներու ցուցադրութիւնը՝ անոնք բեմ բարձրացած են հայ–ազերպայճանական սահմանին տիրող իրավիճակը պատկերող եւ Հայաստանին զօրակցելու կոչեր կրող շապիկներով, զորս պատրաստած է իտալահայ նկարիչ Լիանա Ղուկասեան։

Emerging Talents Milan նորաձեւութեան ցուցադրութեան կազմակերպիչը եւս աջակցած է հայ ձեւագէտներու այս նախաձեռնութեան։