Յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի մարզերու մեծ քաղաքներուն մէջ պիտի հիմնուին 16 Թումօ կեդրոններ, իսկ փոքր համայնքները պիտի օժտուին 110 Թումօ տուփերով, որոնց միջոցով ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ 80 հազար պատանիներու: Լուրը հաղորդուած է Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Դիմագիրքի էջին վրայ։
Թումոյի ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի 10-ամեակին, Գիւմրիի վերակառուցուած կեդրոնի ներկայացման՝ Թումոյի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան յայտարարած էր «Թումօ Հայաստան. 5 տարի` 50 միլիոն տոլար» նախաձեռնութեան մասին, որու նպատակն է Թումոյի առաջատար կրթութիւնը հասանելի դարձնել Հայաստանի ու Արցախի բոլոր պատանիներուն:
Նախաձեռնութեան միացած Եմենիճեան ընտանիքը (ԱՄՆ) նուիրած է 10 միլիոն տոլար՝ Վանաձորի, Կապանի եւ Կողբի մէջ Թումօ կեդրոններ կառուցելու, ինչպէս նաև անոնց ու ներկայի Թումօ կեդրոններուն կապուած տուփեր ստեղծելու նպատակին:
Մնացեալ 40 միլիոն տոլարը հանգանակելու համար Թումօն կը յայտարարէ միջազգային դրամահաւաք, որու առաջին երկու տարուան ընթացքին հանգանակուած 10-ական միլիոն տոլարը երաշխաւորած են կրկնապատկել Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնն (ՀԲԸՄ) ու Էլի և Էլիզապէթա Աքիլեանները: