Պետրոս Թերզեանի նամակները՝ Էմանիւէլ Մաքրոնին եւ Շառլ Միշէլին

Պետրոս Թերզեան իր նախագահած Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին անունով նամակներ յղած է նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին ու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին։ 

Պրն Թերզեան գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ այդ երկու նամակներուն մէջ կ՚ամփոփէ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ստեղծուած ներկայ ծանրագոյն իրավիճակը, հասցէատէրերուն կոչ ընելով ստանձնելու իրենց պատասխանատւութիւնը Պատմութեան առջեւ, «դատապարտելով թուրք-ազերպայճանական յարձակումը եւ ընդդիմանալով հրաժարման (անտարբերութեան — «ՆՅ») դիւանագիտութեան»։ 

Նամակին մէջ կը նշուի, թէ թուրք եւ ազերական կառավարութիւնները նոր ցեղասպանութիւն մը կը պատրաստեն Հայոց դէմ, թէ Հայաստան կրկին ոչնչացման սպառնալիքի դէմ-յանդիման կը գտնուի։ Կ՚արծարծուի վերջերս հռչակուած «Կէօյչէ-Զանգեզուրի թրքական հանրապետութեան» պարագան, որու նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ՝ անպայման պիտի գործուի ցեղային զտում։ Կ՚ակնարկուի նաեւ ազերական ռազմական բարբարոսութիւններուն։ Ենթադրելով հանդերձ թէ՝ տիկին Փելոսիի Հայաստան այցը առժամապէս որոշ մեղմացում պիտի բերէ ազերպայճանական յարձակումներուն, կ՚ըսուի թէ միաժամանակ Պաքու յայտարարեց իր պաշտպանական ամավարկի 20% յաւելման մասին, զայն հասցնելով 3,1 միլիառ եւրոյի, այլ խօսքով Հայաստանի պաշտպանական ամավարկին հնգապատիկին։ Նաեւ կ՚ընդգծուի, թէ Սեպտեմբերի կէսերուն ազերպայճանական զօրքերու գրաւած նոր դիրքերը դժբախտաբար կռահել կու տան Հայաստան լայնածաւալ ներխուժում մը։ 

Մտահոգիչ այս բոլոր տուեալներու լոյսին տակ՝ «այսօ՛ր պէտք է շարժման անցնիլ փրկելու համար այս երկիրը որ կը պաշտպանէ Եւրոպայի արժէքները՝ անոր ցամաքամասի սահմաններուն։ Վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ։ “Ոչի՛նչ եւ ո՛չ մէկը մեր առաջքը պիտի կարենայ առնել” յայտարարեց Իլհամ Ալիեւ, Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի անկախութեան օրը»,– կ՚եզրակացնէ նամակը։