Ընթացիկ ամսուան 16-ին, Ուրբաթ կէսօրէ ետք, Երեւանի Թէքէեան մշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ Արշակ Չօպանեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ «Չօպանեանի գրական ժառանգութեան» նուիրուած գիտաժողով մը կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ «Աղթամար» (Հայաստան) եւ «Ծաղիկ» (Լիբանան) գրական թերթերու։
Գիտաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան դոկտ. Աելիտա Դոլուխանեան, դոկտ. Եուրա Աւետիսեան, դոկտ. Վաչագան Աւագեան, դոկտ. Լիլիթ Սէյրանեան (Երեւան), դոկտոր Վաչէ Ղազարեան (Միացեալ Նահանգներ), դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան եւ պրն Վարուժան Սիրափեան (Փարիզ):
Գիտաժողովին վարիչը՝ «Աղթամար» թերթի խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան մի առ մի հրաւիրեց մասնակիցները, որոնք անդրադարձան Չօպանեանի կեանքի եւ գործունէութեան շերտերուն, անոր՝ Պոլսէն Փարիզ փոխադրութեան ցաւոտ պայմաններուն՝ Համիտեան ջարդերուն ընթացքին, հրապարակագրական աշխատանքներուն, հանդէսներուն՝ յատկապէս «Անահիտ» (1896–1946 Փարիզ) հանդէսին, գրաքննադատութիւններուն, թարգմանական աշխատանքներուն, բանահիւսական ժառանգութեան, վերլուծական զեկոյցով մը ներկայացուեցաւ նաեւ Ա. Չօպանեանի բանաստեղծութիւնը:
Ընթերցուեցաւ Էտմոն Խայաճեանէն՝ Ա. Չօպանեանի մասին միակ ֆրանսերէն հրատարակութեան («ARCHAG TCHOBANIAN et le mouvement arménophile en France» («Արշակ Չօպանեանը եւ հայասիրական շարժումը Ֆրանսայի մէջ», 2021, SIGEST, Ալֆորվիլ) հեղինակէն գրութիւն մը, ուր կը շեշտուէր Չօպանեանի դերը Հայոց այդ շրջանին սպառնացող հալածանքներն ու տարագրութիւնը, ջարդն ու սպանդը ծանօթացնելու՝ եւրոպական հանրութեան. «Չօպանեանի շնորհիւ բազմաթիւ գրողներ, հանրայայտ դերասաններ, քաղաքական գործիչներ դարձան Հայ դատի պաշտպաններ: … Այս գործին մէջ Չօպանեանին խանդավառօրէն կ’օժանդակէին Անաթոլ Ֆրանսը, Անթուան Մէյէն եւ ուրիշներ»,– կ՚ըսուէր գրութեան մէջ:
Չօպանեան հիմնարկի համահիմնադիր, SIGEST հրատարակչատան սեփականատէր, Ֆրանսայի մէջ գործող Europe&Orient հանդէսի ղեկավար պրն Վարուժան Սիրափեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Չօպանեան հիմնարկի գործունէութեան, որ ձեւով մը շարունակութիւնն է Չօպանեանի առաքելութեան Ֆրանսայի մէջ. “Հիմնարկը ունի երկու ուղղուածութիւն՝ մշակութային եւ քաղաքական։ Մշակութային ծիրէն ներս կը փորձենք հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը ճանչցնել ֆրանսախօս երկիրներուն, ասոր զուգահեռ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան տարածման։ Կ՚աշխատինք քաղաքական յայտնի գործիչներու հետ, փորձելով անոնց ներկայացնել մեր դատը, որպէսզի պաշտպանեն հայութեան շահերը: … Մեր գաղափարները տարածելու գործիք կը հանդիսանայ գիրքերու հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ «Europe&Orient» վեցամսեայ հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ Յունիսին եւ Դեկտեմբերին”,– յայտնեց Սիրափեան:
“Չօպանեան հիմնարկը համոզուած է, որ պէտք է ուշադիր ուսումնասիրենք գոյութիւն ունեցող ռազմավարութիւնները։ Մեր պատկերացմամբ Հայ դատը հայ ժողովուրդի շահերուն հաստատումն է, որուն լուծման համար անհրաժեշտ է ախտորոշել խնդիրները։ Այսօրուան մեր ամենահրատապ հարցը գոյատեւելու խնդիրն է։ Այսօր մեզի կը պակսի հայ ռազմավարական միտքը, որ դժբախտաբար գոյութիւն չունի։ … Ներկայ Հայաստանին համար առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը իր տարածքի պաշտպանութիւնն է, առանց այս պայմանին որեւէ ներդրում օր մը կրնայ յօդս ցնդիլ”,– շարունակեց ան:
Հայաստանի մէջ Չօպանեան հիմնարկի գործընկերներն են Երեւանի Ֆրանսական համալսարանը, Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկը, Իսահակեան գրադարանը եւ այլն:
Սիրափեան նաեւ մատնանշեց հիմնարկի հրատարակութիւնները եւ եզրափակեց իր զեկոյցը.– “«Սպիտակ մատեան. Եւրոպա-Թուրքիա՝ վճռական խաղաքարտ մը» (2004, SIGEST, Ալֆորվիլ) գիրքը տպուեցաւ եւ երեսփոխաններուն ու ծերակուտականներուն բաժնուեցաւ անվճար՝ Արշակ Չօպանեանի մահուան յիսնամեակին։ Մենք հրատարակած ենք «Հայ ռազմավարութեան միտքը» գիրքը, որ մօտ ատենէն հայերէնով լոյս պիտի տեսնէ։ Ան կը մատնանշէ որոշ արահետներ եւ կը պարունակէ բազմազան դիտարկումներ։ Եթէ Արշակ Չօպանեան մեզի հետ ըլլար, կը կարծեմ, որ նոյն առաջարկները կը կատարէր անշուշտ շատ աւելի շեշտադրութեամբ, քան կրցաւ ընել նուաստս”։
Ա. Բ.-Ղ. ■