Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – ՆԻՒ ԵՈՐՔ. Հեռակայ հարցազրոյց՝ ԱՄՆ-ու Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի վարիչ-տնօրէն Մարի Կիւլիւմեանի հետ

ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ. ԱՄՆ-ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՐԱՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Նոր Յա­ռաջ» – Նա­խաձեռ­նած էք ԱՄՆ-ու Արե­ւելեան թե­մի առաջ­նորդա­րանի՝ հա­յերէ­նի ու­սուցման հա­մակար­գի հիմ­նո­վին վե­րանա­յման, վե­րանո­րոգման գործին. յան­դուգն նա­խաձեռ­նութիւն մը։ Ինչպէ՞ս ձեր մէջ ծնունդ առաւ գա­ղափա­րը։

Մա­րի Կիւ­լիւմեան – Նկա­տի պէտք է առ­նենք այն երեք հսկայ բա­ցերը, որոնք հա­յերէնն ու հա­յերէ­նախօ­սու­թիւնը ամե­րիկա­հայ գա­ղու­թէն ներս այ­սօ­րուան պատ­կե­րին հաս­ցուցած են.

ա. Աւագ սե­րունդի, հա­յախօս մեծ հայ­րե­րու ու մայ­րե­րու գրե­թէ չգո­յու­թիւնը տու­նե­րէն ներս, որոնք լե­զուն մատ­ղաշ սե­րունդին գլխա­ւոր փո­խան­ցողներն էին,

բ. Նո­րագոյն պայ­մաննե­րուն յար­մա­րող դա­սագիր­քե­րու, ձեռ­նարկնե­րու չգո­յու­թիւնը, եւ ու­նե­նալու պա­րագա­յին ալ անոնց վե­րամ­շակման շատ ու­շա­ցու­մը ու եր­բեմն ալ անգո­յու­թիւնը,

գ. Ու­սուցիչ­նե­րու պատ­րաստու­թեան ընդհան­րա­պէս եւ վե­րապատ­րաս­տու­թեան յատ­կա­պէս բա­­ցա­կա­յու­թիւնը։ Մինչ աշ­խար­հով մէկ այ­սօր ու գրե­թէ ամէն մար­զէ ներս վե­րապատ­րաստա­կան ծրա­գրեր կը տրա­մադ­րուին։

Ահա այսպէս յանդգնու­թիւնը եր­բեմն ալ կու գայ կա­րիքի մե­ծու­թե­նէն, եթէ հա­մաձայն էք։ Այդ յանդգնու­թիւնն ալ իր ամուր յե­նարա­նը ու­նէր յան­ձին Ու­սումնա­կան խոր­հուրդիս նա­խագահ Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր՝ Անու­շա­ւան արք. Դա­նիէլեանի, որ առա­ջին մեծ նե­ցու­կը եղաւ այս պաշ­տօնս ստանձնե­լէ ետք։

«Նոր Յա­ռաջ» – Ինչպէ՞ս անդրա­դար­ձաք թէ այսպի­սի ծրա­գիր մը կա­րելի է մշա­կել։

Մ.Կ.- Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա­յի մէջ ու­սուցիչ­նե­րու հա­մար տար­բեր մար­միններ յա­ճախ ձեռ­նարկած են միօրեայ կամ եր­կօ­րեայ դա­սախօ­սական շար­քե­րու, աշ­խա­տանոց­նե­րու։ Անոնց միշտ ալ չեն կրցած հե­տեւիլ անխտիր բո­լոր ու­սուցիչ­նե­րը՝ պար­զօ­րէն։ Կեան­քի պայ­մաններն ու հե­ռաւո­րու­թիւննե­րը կը խո­չըն­դո­տեն այդ ցան­կութիւ­նը։ Ու­սումնա­կան խոր­հուրդներն ու պա­տաս­խա­նատու­նե­րը չեն կրնար ներ­կա­յու­թիւնը պար­տա­դիր դարձնել զա­նազան պատ­ճառնե­րով։

Այս բո­լորով մէկ­տեղ մտա­հոգ պա­տաս­խա­նատու­նե­րու յա­րատեւ առ­կա­յու­թիւնը յոյ­սի նշոյլ էր, որուն պէտք էր ապա­ւինիլ։

Այ­ցե­լելով կարգ մը դպրոց­ներ, հա­շուե­յար­դար մը ընե­լով ու­սուցիչ­նե­րու վի­ճակին, բա­ցայայտ էր, որ միօրեայ, կամ ընդհան­րա­պէս քա­նի մը ժա­մանի ու­սուցիչ­ներ հա­մախմբող դա­սախօ­սական-աշ­խա­տանո­ցային հա­ւաքէն շատ աւե­լի մեծ էր կա­րիքը։ Իսկ խոր­հե­լով որ, եթէ եր­կա­րաշունչ ու ող­նա­շար ու­նե­ցող ձեռ­նարկ մը ըլ­լար, ու հոն­կէ տա­րին գու­ցէ քա­նի մը ու­սուցիչ­ներ պատ­րաստուած դուրս գա­յին, տա­րիներ ետք այդ պի­տի վե­րածուէր փա­ղան­գի մը։

Միւս կող­մէ, առ­ցանց ձեռ­նարկներ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար skype-ի կող­քին zoom-ը գլուխ առաւ ու տա­րածուեցաւ շատ արագ, որ­մէ մենք ար­դէն սկսած էինք օգ­տուիլ այլ ձեռ­նարկնե­րու հա­մար։

Սա­կայն այս բո­լորէն աւե­լի գե­րակշռո­ղը հա­ւատքն էր, որ պի­տի կա­րենա­յինք հայ­թայթել պայ­մաննե­րուն յար­մար ու մտքերն ու հո­գինե­րը շո­յող ծրա­գիր մը. ահա այդ էր նաեւ մեր միւս խթա­նը։

«ՆՅ» – Արե­ւելեան թե­մի ու­սումնա­կան խոր­հուրդը Նիւ Եոր­քի մէջ քա­նի՞ դպրոց կամ դա­սըն­թացք կը ղե­կավա­րէ։ Նաեւ՝ ո՞ր տա­րիքի աշա­կերտներ կը յա­ճախեն հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը։

Մ.Կ.- Ամե­րիկա­յի Արե­ւելեան թե­մի Ազ­գա­յին առաջ­նորդա­րանի Ու­սումնա­կան խոր­հուրդը որուն գրա­սենեակը կը գտնուի Նիւ Եոր­քի մէջ, կը հո­վանա­ւորէ տասնչորս միօրեայ դպրոց­ներ, որոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը կը գտնուի տար­բեր նա­հան­գի մէջ եւ մէկ ամէ­նօրեայ՝ Ս. Ստե­փանոս վար­ժա­րանը, Մա­սաչու­սե­ցի մէջ։

Աշա­կերտնե­րու տա­րիք­նե­րը կը տար­բե­րին դպրո­ցէ դպրոց. հազուադէպ է, որ սկսին եր­կու տա­րեկա­նէն ու հաս­նին տաս­նութի, ինչպէս է պա­րագան կրկին Մե­սեչու­սե­ցի Ս. Ստե­փանոս վար­ժա­րանին։

Ան­կէ ան­դին, Ու­սումնա­կան խոր­հուրդի տնօ­րինու­թեամբ գո­յու­թիւն ու­նի Հիւ­սի­սային Ամե­րիկա­յի տար­բեր նա­հանգնե­րու պա­տանի­ները հա­մախմբող «Սիաման­թօ լսա­րան»-ը, որ երկրորդ տա­րին ըլ­լա­լով առ­ցանց կ՚իրա­կանաց­նէ իր շա­բաթա­կան հան­դի­պումնե­րը, պար­զա­պէս հնա­րաւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով, որ Ու­սումնա­կան խոր­հուրդիս հո­վանա­ւորած տար­բեր նա­հանգնե­րու պա­տանի­ներն ալ միանան. այ­լա­պէս ան սահ­մա­նափա­կուած էր Նիւ Եոր­քի եւ Նիւ Ճըր­զիի աշա­կերտնե­րուն հա­մար։

«ՆՅ» – Ձեր կազ­մա­կեր­պած սեմինար­նե­րու ձե­ւով միաս­նական աշ­խա­տան­քը ինչպէ՞ս ըն­թա­ցաւ։ Քա­նի՞ հո­գի մաս­նակ­ցե­ցան եւ ի՞նչ պար­բե­րակա­նու­թեամբ։

Մ.Կ.- Սկիզ­բը յի­շուած մտա­հոգու­թիւննե­րէն ել­լե­լով՝ ու­սուցիչ­նե­րու վե­րապատ­րաստման ծրա­գիր մըն էր՝ ներ­կա­յացուած Ու­սումնա­կան խոր­հուրդին, որ խան­դա­վառու­թեամբ ըն­դունուեցաւ։

17 հո­գի մաս­նակցե­ցաւ 29 Օգոս­տոս 2020-էն 29 Մա­յիս 2021, երկշա­բաթեայ հան­դի­պումնե­րով, որոնք տե­ղի կ՚ու­նե­նային Շա­բաթ օրե­րը կէ­սօրէն ետք։ Տնօ­րէն եւ ու­սուցիչ­ներ իրենց շա­բաթօ­րեայ դպրո­ցի եր­կար ժա­մերէն յե­տոյ, կը նստէին Զու­մի ետին ու հա­ճոյ­քով-ժպի­տով իրենց ծա­րաւը կը յա­գեց­նէին։ Փաս­տօ­րէն տեղ մը հա­սած էր, որ վեր­ջին քա­նի մը ամիս­նե­րուն, հան­դիպման նիւ­թը աւար­տե­լէն ետք, իրենց տե­ղէն չէին շար­ժեր ու ան­դա­դար հար­ցեր կու տա­յին, յստա­կացումներ-լու­ծումներ կը ստա­նային ժա­մեր շա­րու­նակ։ Ու­նե­ցանք նոյ­նիսկ ոչ մէկ բա­ցակա­յու­թիւն ար­ձա­նագ­րող մաս­նա­կից­ներ. անոնց մին­չեւ Հա­յաս­տան ճամ­բորդու­թիւններն ան­գամ մաս­նակցու­թեան ար­գելք չհան­դի­սացան. ան­շուշտ նկա­տի ու­նիմ ժա­մերու հսկայ տար­բե­րու­թիւնը։ Ահա այս պատ­ճա­ռով պէտք է ըսել, որ 50 ժա­մէն շատ աւե­լին կը հա­շուեն ան­ցեալ տա­րուան հան­դի­պումնե­րը։

«ՆՅ» – Այդ 50 ժամ ծրա­գիրը ինչպէ՞ս գոր­ծադրուեցաւ։ Որո՞նք էին դա­սախօ­սական ու կի­րառա­կան բաժ­նին մաս­նա­կից­նե­րը։

Մ.Կ.- 2020-2021 տա­րեշրջա­նի ծրագ­րին հե­ղինակն ու գլխա­ւոր դա­սախօ­սը տի­կին Անի Կար­մի­րեանն էր՝ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու բա­ժան­մունքին արեւմտա­հայե­րէնի զար­գացման եւ կրթա­կան ծրագ­րե­րու աւագ վա­րիչը։ Ձեռ­նարկը կը կո­չուէր «Ու­սուցիչ­նե­րու վե­րաորա­կաւոր­ման ծրա­գիր»։ Յի­սուն ժա­մերէն տաս­ներկու­քը գործնա­կան աշ­խա­տանոց­ներ էին, զորս կը վա­րէին տի­կին Կար­մի­րեանին հա­մագոր­ծակցող երեք ան­ձեր՝ Սե­ւանա Չագ­րեանը, Մա­րալ եւ Վա­հան Քե­րով­բեան­նե­րը: Իրենց ներ­դաշնակ եւ ձեռք-ձեռ­քի աշ­խա­տան­քը ինքնին իւ­րա­յատուկ երե­ւոյթ մըն է։

«ՆՅ» – Նկա­տի ու­նե­նալով այս աշ­խա­տան­քին ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թիւնը, ներ­կա­յիս նոր ծրա­գիր մը մշա­կուած է, որուն մեծ թի­ւով դի­մող­ներ կան եւ Սփիւռքի չորս ծա­գերէն…։

Մ.Կ.- Կա­րելի է ըսել, որ երբ ծրագ­րին 50 ժա­մերը ամ­բողջա­ցան, կար­ծէք ու­սուցիչ­նե­րուն մտքե­րուն մէջ «երկրա­շարժ» մը տե­ղի ու­նե­ցած էր եւ կարծրա­տիպե­րը փշրուած էին։ Հոն կա­րելի չէր վեր­ջա­ցած հա­մարել ու վկա­յական­ներ տրա­մադ­րե­լով մանր ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւել մար­դոց։

Բա­ցի ան­կէ, ար­դէն իսկ Ու­սումնա­կան խոր­հուրդին խան­դա­վառու­թիւնը ու­նէինք եր­կա­մեայ կամ եռա­մեայ ծրա­գիր մը յա­ջողց­նե­լու։ Հե­տեւա­բար երբ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան հո­վանա­ւորու­թիւնը ստա­ցանք, ծրա­գիրը նաեւ Սփիւռքին հրամցնե­լը ան­սա­կարկ նիւթ էր։
Այստեղ էր, որ իր ող­ջունե­լի ներդրու­մը ու­նե­ցաւ պրն Ռազ­միկ Փա­նոս­եան՝ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան Հայ հա­մայնքնե­րու բա­ժան­մունքի տնօ­րէնը։

«ՆՅ» – Ու­րեմն, յա­ջոր­դին հա­մար քա­նի՞ եր­կիրնե­րէ դի­մումներ ստա­ցած էք։

Մ.Կ.- 2021-2022 տա­րեշրջա­նին հա­մար տա­սը եր­կիրնե­րէ եւ բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րէ ար­դէն մաս­նա­կից­ներ ու­նինք՝ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան եւ Արե­ւելեան շրջան­նե­րէն, Գա­նատա­յէն, Թուրքիայէն, Ֆրան­սա­յէն, Յու­նաստա­նէն, Պուլկա­րիայէն, Սու­րիայէն, Լի­բանա­նէն եւ այլն։

«ՆՅ» – Նման ծրա­գիր մը յա­ջողց­նել դիւ­րին գործ չէ։ Քա­ջալե­րելի ու շնոր­հա­ւորե­լի է նաեւ կազ­մա­կերպչա­կան գետ­նի վրայ ձե՛ր աշ­խա­տան­քը, ձե՛ր ներդրու­մը, որ ինքնին յա­ջողու­թեան երաշ­խիքնե­րէն մէկն է։

Մ.Կ.- Շնոր­հա­կալու­թի՛ւն։ Իրա­կանու­թեան մէջ քա­ջալե­րելի են բո­լորը անխտիր՝ ե՛ւ կազ­մա­կեր­պող ե՛ւ մաս­նակցող։ Այստեղ ու­րախ-յու­զում մը կը խեղ­դէ կո­կոր­դս՝ տես­նե­լով դի­մումնե­րու տա­րափը. որով­հե­տեւ այդ կը նշա­նակէ թէ՝ հմտու­թեան ծա­րաւն ու կա­րիքին գի­տակ­ցութիւ­նը ու­նե­ցող­նե­րու թի­ւը հսկայ է արեւմտա­հայ սփիւռքին մէջ, անոնք որոնք մեր գա­լիք հա­յերէ­նախօս սե­րունդնե­րը մէջ­տեղ պի­տի բե­րեն։ Հա­յերէ­նախօս սե­րունդ. անուն մը, որ­մէ ձեռք քա­շած է սփիւռքի մե­ծամաս­նութիւ­նը։

«ՆՅ» – Այս ծրագ­րով աշա­կերտ-ու­սուցիչ­նե­րը տնա­յին աշ­խա­տանք ալ կ՚ու­նե­նա՞ն։

Մ.Կ.- Իրենց տնա­յին աշ­խա­տան­քը գլխա­ւորա­բար իրենց պրպտում­ներն են ու դպրո­ցէն ներս մա­նուկնե­րուն հետ իրենց վե­րաբե­րու­մին ու կա­տարա­ծին շուրջ ինքնար­ժե­ւորու­մը, ստեղ­ծե­լով կա­պը ան­ցեալ եւ գա­լիք ու­սուցչաց ծրագ­րի հան­դի­պումնե­րուն մի­ջեւ։

«ՆՅ» – Յա­մենայն դէպս հսկա­յական եւ ծանր ծրա­գիր մըն է, որով­հե­տեւ դիւ­րին չէ ման­կա­վար­ժա­կան հար­ցե­րը, իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնքին իւ­րա­յատ­կութիւննե­րը, տար­բեր մա­կար­դակնե­րը հա­մադ­րե­լը, նիւ­թե­րը մտա­ծու­մի առար­կայ դարձնե­լը եւ այս ամէ­նը գործնա­կանի վե­րածե­լը։

Մ.Կ.- Այստեղ ման­րա­մաս­նութիւններ պէտք է տալ։

Տի­կին Անի Կար­մի­րեանը, որ գլխա­ւորա­բար ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոտ մը կ՚երաշ­խա­ւորէ, ինք ար­դէն բա­ցի Փա­րիզի իր հիմ­նած «ՄԿՆԻԿ» միօր­եայ աշ­խա­տանո­ցէն, 15 տա­րիներ Նիւ Ճըր­զիի Յով­նա­նեան վար­ժա­րանին մէջ կի­րար­կած է այդ ու կը շա­րու­նա­կէ կի­րար­կել։ Այդ մօ­տեցու­մը այնքան դիւ­րին կը յար­մա­րի ամէն շրջա­նակ­ի կա­րիք­նե­րուն, որ պար­զա­պէս ճիշդ ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծել գիտ­նալ է պէտք։ Անոր հիանա­լի փաս­տը այն է, որ այս տա­րի ար­ձա­նագ­րուող­նե­րուն մէջ մեծ թիւ են անոնք, որոնք ար­դէն ծա­նօթ են այդ մօ­տեց­ման։

Մինչ մե­թոտին յա­ջող ըլ­լա­լը մեզ գրա­ւած էր, սա­կայն անոր ետին գո­յու­թիւն ու­նէր նաեւ պատ­րաստ ծրա­գիր մը, որուն քի­չերը միայն ծա­նօթ են։

Բա­րեբախ­տա­բար շու­տով եւ կրկին Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան հո­վանա­ւորու­թեամբ, «Զնտուկ» հա­րուստ կայ­քէ­ջի մը պատ­րաստու­թիւնը իր աւար­տին հա­սած է, ուր հա­ւաքուած ու տե­ղադ­րուած է բա­ցի բազ­մա­թիւ դա­սագիր­քե­րէ, ըն­թերցա­նու­թեան գիր­քե­րէ, եր­գե­րէ ու խա­ղերէ, ցան­կա­ցող­նե­րուն հա­մար՝ տի­կին Անա­հիտ Սար­գի­սեանի «Ձեռք ձեռ­քի» ման­կա­պար­տէ­զի ծրա­գիրը։ Այս մէկը յա­ջողա­գոյն ձեռ­նարկն է արեւմտեան սփիւռքին հա­մար յատ­կա­պէս, որով­հե­տեւ ծնունդ առած է մե­զի նման ոչ-հա­յախօս դար­ձած գա­ղու­թի մը մէջ եւ կրկին մե­զի նման միօրեայ դպրո­ցի մը հա­մար։ Ինչպէս նաեւ կայ տիկ. Անի Կար­մի­րեանի՝ վեց տա­րեկա­նէն վեր մա­նուկնե­րու համար հեղինակած «Արեւ, Լու­սին, Ժա­պաւէն» ծրա­գիրը։ Այս եր­կուքը մօտ երե­սուն տա­րիներ ան­դա­դար պատ­րաստող­նե­րուն իսկ կող­մէ գոր­ծա­ծուե­լով վե­րանա­յուած են ու հա­սած այ­սօ­րուան վի­ճակին։ Առիթ մը, զոր մեր բո­լոր դա­սագիր­քե­րու հե­ղինակ­նե­րը կ՚երա­զեն ու­նե­նալ, սա­կայն միշտ ալ պիւտճէական պատ­ճառնե­րով դա­սագիր­քը կը տպուի ու տա­րիներ շա­րու­նակ կը մնայ նոյն պատ­կե­րով աշա­կեր­տին ձեռ­քե­րուն մէջ։ Քա­նի-քա­նի դա­սագիր­քի հե­ղինակ­ներ ամէն տա­րի կը ցան­կան, որ իրենց գոր­ծը վե­րանա­յելու եւ կրկին հրա­տարա­կելու առիթ տրուի, սա­կայն ի զուր։

Այս բո­լոր հրամ­ցուած­նե­րը, գու­մա­րած՝ պատ­րաստուած ու­սուցիչ­նե­րու ճկուն աշ­խա­տան­քին եւ յղա­ցող մտքին, կը կար­ծենք որ գա­ղութնե­րու պէտ­քե­րը մեծ մա­սամբ կը գո­հաց­նեն ու կը նպաստեն մեր սե­րունդնե­րու՝ հա­յերէ­նը՝ ոս­կե­ղինիկը իւրացնելուն։

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■