Փրանկիսկոս պապին հրաւէրով Սեպտեմբեր 22-ին եւ 23-ին Հռոմի մէջ գումարուած Տանն Կիլիկիոյ պատրիարքական Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սինոդոսը ընտրած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքը, յանձին Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի, տիտղոսաւոր՝ Կապադովկեան Կեսարիոյ Հայոց եւ Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց: Նորընտրեալ պատրիարքը առած է Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան անունը։
Ռաֆայէլ արք. Մինասեան ծնած է 1946-ին: 1958-ին մտած է Զմմառի Պատրիարքական միաբանութիւն ընծայարան, ուր ստացած է դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւնը: 1966-ին ուղարկուած է Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայկական վարժարան եւ աշակերտած է քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, ուր ստացած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները: Ուսումը շարունակած է Հռոմի Սալեզեան համալսարանէն ներս` մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան մէջ: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1973-ին, Պէյրութի մէջ։
Մինչեւ 1980 թուականը ստանձնած է Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովւութիւնը: 1978-ին նշանակուած է Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցական ատեանի քարտուղար, ապա՝ եկեղեցական դատաւոր՝ մինչեւ 1989 թուականը:
Ապա, մինչեւ 1990 Լիբանանի մէջ զանազան պաշտօններ վարելէ ետք, այդ թուականին անուանուած է ԱՄՆ-ու Գալիֆորնիա նահանգի ժողովրդապետ. այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ 2006։
2005 Սեպտեմբերին Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը զինք անուանած է պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Ամմանի փոխանորդութեան:
2011 Յունիսին Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետի պապական յատուկ կոնդակով Հ. Ռաֆայէլ Մինասեան արժանացած է եպիսկոպոսական կարգի, որպէս նորանշանակ տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կեսարիոյ Հայոց եւ առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց: Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է 2011-ին Պէյրութի մէջ։ Այնուհետեւ, 2011 Օգոստոսին Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է անոր գահակալութեան արարողութիւնը: ■