Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Մասնակի զօրակոչը յետաձգուած է մինչեւ նոյեմբեր 1

Ռուսաստանի մէջ մասնակի զօրակոչը յետաձգուած է մինչեւ նոյեմբեր 1, «քանի որ զինուորական ոստիկանատուները շատ ծանրաբեռնուած են»։ Յամենայն դէպս ա՛յս է յայտարարուած պաշտօնական պատճառաբանութիւնը։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Մոսկուայի մարզի ղեկավար Անտրէյ Վորոպիովի ու Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանինի հետ ստուգած է զօրահաւաքին մասնակցող քաղաքացիներու նախապատրաստման ընթացքն ու տեղաւորման պայմանները:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Շոյկու ըսած է, որ մասնակի զօրահաւաքի շրջանակին մէջ կիները չեն զօրակոչուիր, ապագայի համար ալ նման ծրագիր չկայ։ Մասնակի զօրահաւաքով չեն զօրակոչուիր նաեւ պետական համալսարաններու ուսանողները։

Ան յայտարարած է, որ զօրակոչը յետաձգուած է մինչեւ Նոյեմբեր 1, քանի որ զինուորական ոստիկանատուները շատ ծանրաբեռնուած են, բայց այդ պիտի չազդէ իրենց զինուորական ծառայութիւնը աւարտողներուն վրայ. անոնք տուն պիտի վերադառնան՝ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին:

Ռուսաստանի մէջ մասնակի զօրահաւաք յայտարարուած էր Սեպտեմբեր 21-էն. ան կը վերաբերէր շուրջ 300 հազար պահեստազօրայինի, ինչ որ,– ըստ ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու,– Ռուսաստանի ընդհանուր զօրահաւաքային պաշարին 1 տոկոսէն քիչ մը աւելին է։

Նշենք, որ մասնակի զօրահաւաքի յայտարարման առաջին թուականէն՝ Սեպտեմբեր 21-էն ի վեր, զինուորութեան տարիքի տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ խոյս տուին Ռուսաստանէն, մեկնելով զանազան ուղղութիւններով, գլխաւորաբար դէպի Վրաստան, Ղազախստան, Ֆինլանտա, Մոնղոլիա, նաեւ,–  ի դէպ աւելի փոքր թիւով,– Հայաստան։ 

Հոկտեմբեր 2-ին, Ուքրաինա-Ռուսաստան պատերազմը կը թեւակոխէ իր 221-րդ օրը։