Պաքուի հետ կազի պայմանագիր կնքած Եւրոպական յանձնաժողովը Ազերպայճանին կոչ կ՚ընէ հետաքննելու հայ գերիները գնդակահարելու հարցը

 

Եւրոպական յանձնաժողովի Արտաքին ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ լրագրողներու հետ ասուլիսին, ի միջի այլոց, յայտնած է, թէ Ազերպայճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ հետաքննեն այդ երկրի զինուած ուժերուն կողմէ հայ ռազմագերիներու գնդակահարութեան պարագան, որու տեսանիւթը յայտնուած է համացանցին մէջ։

“Մենք կոչ կը յղենք համապատասխան մարմիններուն  անյապաղ հետաքննելու փաստը: Այս տեսանիւթի դէպքը, ուր կը ցուցադրուի, թէ ինչպէս ազերպայճանցի զինուորները մահապատիժի  կ՚ենթարկեն հայ զինուորները, պէտք է հետաքննուի Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կողմէ”,– ըսած է Սթանօ:

Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցչին կարծիքով՝ եթէ հետաքննութեան արդիւնքները ցոյց տան տեսանիւթին իրական բնոյթը, ապա այդ ռազմական ոճիր է, միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտում, եւ նման ոճիր պէտք է դատապարտուի։