ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հայ գերիներու գնդակահարութեան մասին թուիթըրեան իր հաշիւին գրած է.-
«Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած է հրապարակուած վերջին տեսանիւթերով, ուր ազերպայճանցի զինուորները մահապատիժի կ՚ենթարկեն անզէն հայ գերիները:
Մենք կոչ կ՚ընենք լիարժէք եւ անաչառ հետաքննութիւն կատարելու: Որեւէ վայրագութեան մեղաւորները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին»: