Արագած լեռան հարաւային փէշերուն գտնուող՝ Թալին քաղաքի, 7-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցին կը համարուի այդ ժամանակաշրջանի ամենամեծ կրօնական համալիրներէն մէկը:
Եկեղեցին կառուցուած է Կամսարականներու իշխանական տոհմին կողմէ եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հնագոյն ճարտարապետութեան սիրահարներու համար:
Դարերու ընթացքին բնական աղէտները, մասնաւորաբար երկրաշարժը, հսկայական վնաս պատճառած են ճարտարապետական յուշարձանին եւ սա պահուս եկեղեցին գրեթէ աւերուած վիճակի մէջ է:
Բադալեան եղբայրները որոշած են իրականացնել իրենց վաղեմի երազանքը՝ վերականգնել Թալինի Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ բարենորոգման աշխատանքները արդէն սկսած են: Նախատեսուած է եկեղեցիին կից կառուցել նաեւ երիցատուն եւ թանգարանի շէնքը: