Search
Close this search box.

Ալիեւ.– «Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ 2022-ի վերջ կրնայ ստորագրուիլ»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ 2022-ի վերջ կրնայ ստորագրուիլ։

“Հայաստանի կողմէ բարի կամքի դրսեւորման պարագային, խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ տարեվերջ կրնայ կնքուիլ։ Ժամանակը կ՚անցնի, մեր նախաձեռնութիւնները այդքան ալ դիւրութեամբ չեն ընթանար։ Թէեւ Արտաքին գործոց նախարարներու առաջին հանդիպումը յստակ արդիւնքներու չյանգեցաւ, բայց կը կարծեմ, որ ատիկա դրական քայլ մըն էր: Ըստ իս, եթէ մօտ օրերուն որոշում կայացուի, ապա երկու երկիրներու աշխատանքային խումբերը կը սկսին աշխատիլ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին վրայ եւ մենք կը կարողանանք համաձայնութեան յանգիլ մինչեւ տարեվերջ”,– Փրակայի մէջ ազերպայճանական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է Ալիեւ, աւելցնելով որ՝ “ո՛չ ոք՝ ո՛չ հայկական կողմը, ո՛չ ալ Եւրոպական խորհուրդը հարց ունի ազերպայճանական կողմի հռչակած հինգ սկզբունքներուն վերաբերեալ”։