Search
Close this search box.

Էրտողան.– “Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրէն ետք, Թուրքիա կը բնականոնացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները”

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ-Թայիփ Էրտողան՝ Փրակայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին պատասխանելով լրագրողներու հարցումին բացատրած է, թէ ո՞ր պարագային Թուրքիա իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Հայաստանի հետ եւ կը բանայ սահմանները։

Թրքական Anadolu–ի համաձայն՝ Էրտողան յայտարարած է, թէ երբ որ Հայաստան Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրէ, անկէ ետք Թուրքիա կը բնականոնացնէ յարաբերութիւնները, կը բանայ ցամաքային ու օդային սահմաններն ու երկաթուղին։