Հայկական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ Ամերիկայի հայ համայնքը բողոքի լայնածաւալ արշաւի մը սկսած է, ազգութեամբ թուրք, Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի երկքաղաքացի, ծանօթ բժիշկ-սրտաբան Մեհմետ Էօզի՝ Ծերակոյտի թեկնածու առաջադրուելուն դէմ:
Համայնքի ներկայացուցիչները առջի օր հաւաքուած են Գալիֆորնիոյ Օրենճ շրջանի օդային ուժերու թանգարանին շուրջ, ուր կը կայանար Մեհմետ Էօզի ընտրարշաւի դրամահաւաքը: Հայեր Հայաստանի ու Ամերիկայի դրօշներով, լոզունգներ արձակած են: «Ցեղասպանութիւնը ուրացողներ ողջունելի չեն Գալիֆորնիոյ մէջ», «Անոնք պիտի չընդունուին Գոնկրէս», յայտարարած են ցուցարարները:
Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկեան Ծերակոյտի միջանկեալ ընտրութիւնները պիտի կատարուին Նոյեմբերին: Ընտրուելու պարագային Մեհմետ Էօզ պիտի դառնայ առաջին թուրք ծերակուտականը: Ուշագրաւ է որ Մայիսին, նախկին Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հանրապետական կուսակցութեան անդամներուն՝ Մեհմետ Էօզի թեկնածութիւնը պաշտպանելու կոչ ուղղած էր:
Ուշագրաւ է նաեւ որ՝ «Ուաշինկթըն Փոսթ» պարբերականը անդրադարձած է Մեհմետ Էօզի քաղաքական յաւակնութիւններուն, յատկապէս նշելով անոր կապը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Թերթը գրած է, որ Էօզ երկքաղաքացի է ու ո՛չ մէկ ձեւով կ՚ուզէ հրաժարիլ թրքական հպատակութենէն: