Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ ներկայացուցած է Ազերպայճանի յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը

Հոկտեմբեր 10-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի լիագումար նիստին, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեան ելոյթ ունեցած եւ ներկայացուցած է Սեպտեմբեր 13-ին Ազերպայճանի զինուած ուժերուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ սանձազերծած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։

Ան, մասնաւորապէս ընդգծած է այս ծանր օրերուն կրթութեան շարունակութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը, որ կը պահանջէ թէ՛ ազգային զգալի ներուժի ներդրում, թէ՛ ալ՝ միջազգային հանրութեան ներգրաւում։

Այդ համածիրին մէջ՝ Տէր-Ստեփանեան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է նաեւ մարդկային իրաւանց եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտումներու վրայ, որոնք կը վկայեն ազերպայճանական հասարակութեան մէջ արմատացած հայատեացութեան ծայրայեղ բարձր մակարդակին մասին։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ անկախ  առաքելութիւն ուղարկելու նախաձեռնութեան՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը ափսոսանք յայտնած է ի տես Ազերպայճանի կողմէ առաքելութեան շարունակաբար խոչընդոտման եւ յայտարարած, թէ վերջինս կը մերժէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի քարտուղարութեան առաջարկը եւ կը խուսափի Կազմակերպութեան փորձագէտներուն՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ականատեսը դառնալէն։

Դեսպանը Տէր-Ստեփանեան յոյս յատնած է, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհ. տնօրէնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ առաքելութիւն ուղարկելու գծով։