Search
Close this search box.

Al-Monitor մանրամասնութիւններ  կը հաղորդէ Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումէն

 

Մերձաւոր Արեւելքի Al-Monitor լրասփիւռին համաձայն՝ «Փրակայի մէջ Փաշինեան Էրտողանէն օգնութիւն խնդրած է ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման հարցերուն կապակցութեամբ»։

Ըստ կայքէջի աղբիւրներուն՝ Փաշինեան կը փափաքի, որ սահմանը գծուի ոչ թէ նախախորհրդային, այլ՝ խորհրդային ժամանակներու քարտէսի հիման վրայ։

Էրտողան իր կարգին Փաշինեանէն պահանջած է «վերջ տալ օսմանեան ժամանակաշրջանին՝ Հայերու ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցնելու միջազգային արշաւին եւ բանալ Զանգեզուրի միջանցքը»։ ■