Վարչապետ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 24-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին յայտարարած է, որ Հայաստան պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, որ պէտք է յանգեցնէ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման։
“Այս առումով մենք կ՚առաջարկենք, օր առաջ աւարտին հասցնել ռազմագերիներու, պատանդներու, պահուող այլ անձերու վերադարձի գործընթացը: Անհրաժեշտ է նաեւ վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ”,– ըսած է վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի՝ աներկբայ է, որ ուժի կիրարարկումով ստեղծուած իրավիճակը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն չի կրնար օրինականութիւն ստանալ։
“Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար կասեցուիլ ուժի կիրարարկումով եւ կարելի չէ հակամարտութիւնը լուծուած համարել ուժի կիրարկումէ ետք։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը սպասէ իր արդարացի կարգաւորման: Այդ կը փաստեն նաեւ համանախագահող պետութիւններու յայտարարութիւնները, որոնք կ՚ընդգծեն յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ բանակցային գործընթացը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:
Համոզուած ենք նաեւ, որ համանախագահներու միջնորդութեամբ տեղի ունեցող շփումները կողմերուն կարելիութիւն կ՚ընձեռեն գտնելու ընդհանուր եզրեր եւ ասպարէզ բանալ կնճռոտ բազմաթիւ հարցերու պատասխանները գտնելու համար”,– ընդգծած է վարչապետը:
Յաջորդ խնդիրը, ըստ Փաշինեանի, հայ-ազէրպայճանական սահմանագծման ու սահմանազատման հարցն է:
“Ցաւով պէտք է արձանագրեմ, որ դժուար է պատկերացնել սահմանագծման գործընթացը, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ հայ-ազէրպայճանական սահմանին գրեթէ ամէնօրեայ պարբերականութեամբ կը հնչեն կրակոցներ եւ տեղի կ՚ունենան զանազան գրգռութիւններ, այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Ազէրպայճանի բանակային ստորաբաժանումները այս տարուան Մայիս 12-ին Սոթք-Խոզնավար հատուածին մէջ ներխուժեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք: Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար մենք առաջարկեցինք հետեւեալ գործողութիւնները. նշուած հատուածին մէջ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազէրպայճանի զինուած ուժերը զուգահեռաբար ետ քաշուին խորհրդային ժամանակներէ ժառանգուած սահմանագիծէն, այդ սահմանագիծի երկայնքին տեղակայուին միջազգային դէտեր եւ միջազգային հովանիի ներքոյ սկսինք սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքները: Մենք այս առաջարկը պատրաստ ենք կեանքի կոչելու որեւէ պահու”,– եզրափակած է Փաշինեան: