Սիմֆերոփոլի շրջանային դատարանը Ղրիմի կամուրջի պայթումին գործով 5 հոգի բանտարկութեան դատապարտած է։ Անոնցմէ երեքը Հայեր են։
Լուրը հաղորդած է «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն՝ բանտարկուած երեք Հայերն են՝ Արտիոմ Ազատեան, Գէորգի Ազատեան եւ Արթուր Թերջանեան:
Ըստ Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան՝ բացայայտուած է 12 կասկածեալի ինքնութիւնը, որոնցմէ ութը ձերբակալուած է, Ռուսաստանի՝ հինգ եւ Ուքրաինայի եւ Հայաստանի՝ երեք քաղաքացիներ։