17-րդ դարու հայ նկարիչ Մարկոսի ստեղծագործութիւնները 150 տարի ետք կը վերադառնան Վինտսորի դղեակը
Անգլիոյ Վինտսորի դղեակի այցելուները այժմ կարելիութիւնը ունին վայելելու վերջերս վերականգնուած երկու կտաւ, որոնք կը պատկանին 17-րդ դարու գրեթէ անծանօթ հայ նկարիչի մը՝ Մարկոսի վրձինին:
Մարկոսի նկարները 150 տարի ետք առաջին անգամ զետեղուած են նշանաւոր Վինտսորի դղեակի թագաւորական ճաշասենեակին մէջ: Արդարեւ, Մարկոսի այս գործերը դղեակին պատերը վերջին անգամ զարդարած են 1870-ականներուն:
Ինչպէս վերեւ ըսինք, Մարկոս գրեթէ անծանօթ հայ նկարիչ մըն է. յայտնի չէ, թէ անոր նկարները ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ առաջին անգամ յայտնուած են Անգլիոյ մէջ: Այս մասին վկայութիւններու համաձայն՝ Վինտսորի դղեակին մէջ այդ կտաւներուն մասին առաջին նշումը կը վերաբերի 1688 թուականին. այնուհետեւ անոնք պահուած են Անգլիոյ արքայ Ժագ Բ.ի արխիւին մէջ:
Մարկոսի այս կտաւներէն մէկը կը ներկայացնէ ռազմական ազնուատոհմի անդամ, ամուրի կին մը հայկական Սպահանի մօտ՝ Նոր Ջուղայէն:
Ստեղծագործութեանց հերոսները կը կրեն պարսկական մետաքսեայ շքեղ հագուստներ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Սպահանի Հայերը մետաքսի առեւտուրով կը զբաղէին ամբողջ աշխարհի մէջ: Երկու դիմանկարներուն մէջ ալ կան նաեւ եւրոպական «երանգ»-ներ, ինչպէս՝ վենետիկեան գինիի բաժակներ, գերմանական ժամացոյցներ, հոլանտական ծաղիկներ, որոնք կը խորհրդանշեն բարգաւաճումը:
Իսկապէ՛ս ալ, ո՞վ էր Մարկոսը. առայժմ կը մնայ առեղծուած մը: