Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ «Գորշ գայլեր»-ը վերստին կ՚ոռնան 

Ընկերային ցանցերու վրայ շրջող տեսանիւթերէ յայտնի կը դառնայ, որ ֆրանսական արդարադատութեան որոշումով Ֆրանսայի մէջ արգիլուած՝ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»-ու շարժումը Փարիզի եւ Թուլուզի մէջ հանրահաւաքներ կազմակերպած է։

Դատելով խնդրոյ առարկայ տեսանիւթերէն՝ այդ հաւաքները տեղի ունեցած են բաւական մեծ սրահներու մէջ եւ պատկառելի թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ։ Հոն կ՚երեւին, թրքական դրօշներու եւ Աթաթիւրքի նկարներու կողքին՝ այդ շարժումին երեք մահիկով դրօշները, որոնց շուքին տակ հանդիսականները իրենց ձեռքերով կը ձեւացնեն «գորշ գայլ»-ի նշանը եւ ազգայնական երգեր կ՚ոռնան։