1915-ին տեղի ունեցածը Հայոց ցեղասպանութիւն անուանելուն համար Տիգրանակերտի փաստաբաններու պալատի վարչակազմին դէմ յարուցուած քրէական գործը աւարտած է արդարացման վճիռով։
Փաստաբանուհի Նուրճան Քայա յայտնած է, որ Տիգրանակերտի ծանր յանցագործութիւններու 11-րդ դատարանին մէջ կայացած նիստին ընդունուած է արդարացման որոշում։
Փաստաբանուհին մասնաւորապէս նշած է․ «Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան 2018-2020թթ․ վարչակազմին դէմ՝ 1915-ը ցեղասպանութիւն անուանելուն համար յարուցուած գործի դատական նիստին ենք։ Պալատի նախկին նախագահ Ճիհան Այտըն կը պատմէ, թէ ի՛նչեր կատարուած են Տիարպեքիրի մէջ 1915 թուականին։ Այսինքն կ՚ըսէ, ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն անուանած ենք և մեր խնդիրը առերեսումն է ու ճշմարտութեան կոչը։
Դատախազը արդարացում պահանջեց՝ պատճառաբանելով, որ իր կարծիքով յանցագործութեան տարր եւ յանցագործութիւն կատարելու (պետութիւնը հրապարակաւ նուաստացնելու) մտադրութիւն չէ եղած։
Այսպէսով՝ յանցակազմի բացակայութեան հիմքով կայացաւ արդարացման որոշումը»։