Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Աղդամի մէջ տեղի ունեցած քաղաքաշինական համաժողովին յայտարարած է, թէ «մտադիր չէ միջազգային որեւէ կեդրոնի հետ քննարկելու Ղարաբաղի հարցը»։
“Ազերպայճանի Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակիչները մեր քաղաքացիներն են։ Պաքու պիտի չքննարկէ միջազգային որեւէ կեդրոնի հետ, թէ ինչպէս պիտի դասաւորէ անոնց (Ղարաբաղի հայերուն) կեանքը, քանի որ ամբողջ աշխարհը Ղարաբաղը կը ճանչնայ իբրեւ ազերպայճանական տարածք”,– յոխորտացած է ան։